image

Իտալկօ-Յարութիւնեան հանդիպումէն ետք Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը կանչուած է ԱԳՆ

Իտալկօ-Յարութիւնեան հանդիպումէն ետք  Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը  կանչուած է ԱԳՆ

Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Զաքարի Կրոս կանչուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ: Ըստ գերատեսչութեան` արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը բողոքած է դեսպանին այն բանին համար, որ Մայիս 27-ին Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն հանդիպած է «Ատրպէյճանի տարածքին, այսպէս կոչուած, անօրինական կառոյցի ներկայացուցիչի հետ»:

Դեսպանին զեկուցուած է, որ ֆրանսացի պաշտօնեային կողմէ «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ձեռնարկուած այս քայլը ակնյայտօրէն կը հակասէ Ֆրանսայի օրէնսդրութեան եւ անոր միջազգային պարտաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ կը վնասէ ատրպէյճանա-ֆրանսական յարաբերութիւններուն»:

Ընդգծուած է, որ Փարիզի քաղաքապետին «անպատասխանատու եւ անօրինական պահուածքը համահունչ չէ պատերազմէն յետոյ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ վստահութիւն հաստատելու միջոցառումներուն»: