Օրերս, Հռոմի Երեսփոխաններու պալատին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած՝ Վիթթորիօ Ռոպիաթի Պենտաուտի «Մի՛ մոռնար զիս» գիրքին շնորհահանդէսը։ Ձեռնարկին ներկայ եղած եւ ելոյթով հանդէս եկած է նաեւ Երեսփոխաններու պալատի նախագահ Լորենցօ Ֆոնթանան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
7 Մայիսին, Հռոմի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած՝ Վիթորիօ Ռոպիաթի Պենտաուտի «Մի՛ Մոռնար Զիս» գիրքին շնորհահանդէսը։
Ձեռնարկին ներկայ եղան եւ ելոյթներով հանդէս եկան խորհրդարանի նախագահ Լորենցօ Ֆոնթանա, Իտալիոյ արդարադատութեան նախարար Քարլօ Նորտիօ, Իտալիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճուլիօ Չենթեմերօ, խորհրդարանի անդամներ Կալեացօ Պինեամի, Մաուրիցիօ Լուփի, Քիարա Կրիպաուտօ եւ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան։
Արդարադատութեան նախարար Քարլօ Նորտիօ իր խօսքին ընթացքին շեշտը դրաւ «զանցառումներու մութ ցանկին» վրայ, որ կը բնութագրէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Յայտնելով, թէ կան յատկապէս տեսողական շատ քիչ փաստեր, որոնք ցոյց կու տան պատահածը, ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ փաստագրման գործունէութիւնը շարունակական կ՛ըլլայ, «որովհետեւ այն, ինչը փաստագրուած չէ՝ մոռցուելու վտանգին տակ կը գտնուի»։ Նորտիօ այս տեսանկիւնէն ընդգծեց այսպիսի գիրքերու կարեւորութիւնը։
Դեսպան Կարապետեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկը բարձր մակարդակով կազմակերպողներուն՝ աւելցնելով, որ այս նախաձեռնութիւնը կը վկայէ Իտալիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին տածած յարգանքի եւ մարդկութեան դէմ ոճիրները կանխելու՝ իտալացի պաշտօնատարներու կարեւոր ներդրումին մասին։ Դեսպանը ներկայացուց նաեւ Հայաստանի՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ ապրելու տեսլականը։
Ձեռնարկին աւարտին ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ֆիլմ մը, որ կը պատմէր Հայոց Ցեղասպանութեան, 2020ի Արցախի պատերազմին եւ հայ մշակութային ու քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացման մասին։
Նշենք, որ հանդիպումը վարեցին լրագրողներ Նիքոլա Փորօ եւ Հոարա Պորսելլի։