image

Իսրայէլը թոյլատրած է օրական 70 հազար լիթր վառելիք մատակարարել Կազայի հատուած․ ՄԱԿ

Իսրայէլը թոյլատրած է օրական 70 հազար լիթր վառելիք մատակարարել Կազայի հատուած․ ՄԱԿ

Իսրայէլը համաձայնած է, որ Եգիպտոսով օրական 70 հազար լիթր վառելիք մտնէ Կազայի հատուած։ Այս մասին ըսուած է ՄԱԿ-ի Մարդասիրական հարցերու համակարգման վարչութեան զեկոյցին մէջ։

«Նոյեմբեր 19-ին Եգիպտոսէն Կազա մտած է 69 հազար լիթր վառելիք։ Իսրայէլի իշխանութիւնները հաստատած  են, որ պիտի սկսին թոյլատրել Եգիպտոսէն օրական մօտ 70 հազար լիթր վառելիքի ներկրումը, որ զգալիօրէն ցած է հիմնական մարդասիրական գործողութիւններու իրականացման համար անհրաժեշտ նուազագոյն պահանջներէն»,-ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։

Կը յստակեցուի, որ պաղեստինցի փախստականներու օգնութեամբ զբաղող գործակալութիւնը կը նախատեսէ վառելիքը բաշխել հիւանդանոցներուն, ջրամատակարարման եւ մաքրութեան հարցերով զբաղող կառոյցներուն, ապաստարաններու եւ այլ ծառայութիւններու մէջ պարէնի բաշխման աշխատանքը պահպանելու համար: