Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնած է, որ Իսրայէլ եւ «Համաս» համաձայնեցուցած են Կազայի հատուածի մէջ հրադադարի շրջանակային կարգաւորումները։
«Վեց շաբաթ առաջ ես հրադադարի հասնելու եւ պատանդները վերադարձնելու համապարփակ շրջանակային ծրագիր շարադրած եմ: Դեռ ընելիքներ կան, եւ բարդ խնդիրներ կան, բայց Իսրայէլ եւ «Համաս» այժմ համաձայնած են անոր»,- գրած է Ճօ Պայտըն X-ի միքրոպլոկին:
Միեւնոյն ժամանակ «Համաս»-ը միջնորդներէն գրաւոր երաշխիքներ պահանջած է, որ Իսրայէլ պիտի չվերսկսի ռազմական գործողութիւնները պատանդներու առաջին խումբի ազատ արձակումէն յետոյ՝ AP-ին ըսած է Լիբանանի խմբաւորման քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Ահմէտ Ապտուլ-Հատին:
Ան հաստատած է, որ կողմերն իսկապէս համաձայնութեան եկած են գործարքի ընդհանուր պայմաններու հարցով, սակայն «Համաս» կը ցանկայ, որ այդ յանգեցնէ հակամարտութեան ամբողջական աւարտին, մինչդեռ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու ըսած է, որ ցանկացած պայմանաւորուածութիւն «պէտք է թոյլ տայ Իսրայէլին վերադառնալ ռազմական գործողութիւններուն, քանի դեռ պատերազմի նպատակները չեն իրականացուած»։