image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի ռազմաoդային ուժերը Թեհրանի Մեհրապատ օդակայանին մէջ ոչնչացուած են Իրանի գերագույն առաջնորդի օդանաւը

Իսրայէլի ռազմաoդային ուժերը Թեհրանի Մեհրապատ օդակայանին մէջ ոչնչացուած  են Իրանի գերագույն առաջնորդի օդանաւը

Երկուշաբթի գիշեր ՑԱԽԱԼ-ը իրականացուցած է թիրախային հարուած՝ ոչնչացնելով Թեհրանի Մեհրապատ օդակայանին մէջ գտնուող այն օդանաւը, որ կ՚օգտագործուէր Իրանի ահաբեկչական վարչակարգի գերագոյն առաջնորդի կողմէ, գրուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի պաշտօնական Թելեկրամ ալիքին մէջ։

«Օդանաւը կը գործածուէր իրանական ահաբեկչական վարչակարգի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ իրանցի զինուորականներու կողմէ՝ ռազմական գնումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ ներքին եւ միջազգային թռիչքներու միջոցով դիմադրութեան դաշնակից երկիրներու հետ համակարգումն ապահովելու նպատակով»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ՑԱԽԱԼ-ը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ գործել՝ ոչնչացնելու համար իւրաքանչիւր միջոց, որ կ՚օգտագործուի իրանական ահաբեկչական վարչակարգի ռազմական ուժերու կողմէ Իրանի ամբողջ տարածքին մէջ։