image

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի սպառնալիքը՝ Լիբանանին «վերադարձնել քարէ դար»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի սպառնալիքը՝ Լիբանանին  «վերադարձնել քարէ դար»

Իսրայէլ յայտարարած է, որ չուզեր պատերազմ Լիբանանի մէջ, բայց կրնայ իր հարեւանը «վերադարձնել քարէ դար». այս մասին, ինչպէս գրած է aljazeera.com-ը, Ուաշինկթընի մէջ լրագրողներուն յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը:

«Մենք պատերազմ չենք ուզեր, բայց կը պատրաստուինք իւրաքանչիւր սենարի: «Հըզպալլա» շատ լաւ կը հասկնայ, որ մենք կրնանք հսկայական վնաս հասցնել Լիբանանին, եթէ պատերազմ սկսի: Իսրայէլը կրնայ Լիբանանը վերադարձնել քարէ դար, բայց մենք չենք ուզեր այդ ընել», -ըսած է ան։

Երկու երկրի սահմանին իսրայէլեան ուժերու եւ լիբանանեան «Հըզպալլա» խմբաւորման միջեւ գրեթէ ամենօրեայ ռեժիմով փոխհրաձգութիւն տեղի կ՚ունենայ հոկտեմբեր 7-ին Կազայի հատուածի մէջ իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան բռնկումէն ետք:

Նոր պատերազմի մտավախութիւնն աճած է այս ամիս, երբ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է, որ Իսրայէլը կը պատրաստուի «շատ լարուած գործողութեան» Լիբանանի հետ սահմանին։