Իսրայէլի մէջ հազարաւոր ցուցարարներ կը բողոքեն դատական բարեփոխումներու դէմ

Իսրայէլի մէջ հազարաւոր ցուցարարներ կը բողոքեն դատական բարեփոխումներու դէմ

Թէլ Աւիւի մէջ հազարաւոր մարդիկ 2 օգոստոսի երեկոյեան ցոյցի դուրս եկած են դատական բարեփոխումներու դէմ։

Անցեալ շաբաթ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի կառավարութեան կողմէ դատական բարեփոխումներու փաթեթի առաջին օրինագիծի հաստատումէն ետք մինչ այդ պահը բողոքի ալիքը չի մեղմանար, գրած է «The Times of Israel»-ը։

Ցուցարարները երթով շարժած են դէպի ստորին ատեանի դատարանի շէնք՝ իրենց աջակցութիւնը ցոյց տալով դատական իշխանութեան։ Երթը գլխաւորած են Իսրայէլի նախկին արդարադատութեան նախարարները եւ Գերագոյն դատարանի նախկին դատաւորը։

Իսրայէլի մէջ դատական բարեփոխումներու դէմ ցոյցերը կը շարունակուին արդէն 30 շաբաթ։ Քննադատները կը պնդեն, որ Նաթանիահուն կը փորձէ դատական բարեփոխումները օգտագործել իր դէմ հնարաւոր վճիռները տապալելու համար, մինչդեռ կառավարութիւնը պնդած է, որ դատական բարեփոխումներն անհրաժեշտ են իշխանութեան ճիւղերու միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահելու համար։

Անցած երկուշաբթի՝ 24 յուլիսին Նաթանիահուն եւ դաշինքի անոր գործընկերները հաստատեցին բարեփոխումներու փաթեթի առաջին օրինագիծը՝ այսպէս կոչուած «խելամտութեան օրէնքը»․ այն կ'արգիլէ դատաւորներուն մերժել կառավարութեան այն որոշումները, որոնք դատարանը ոչ խելամիտ կը համարէ։

Օրէնքի դէմ միջնորդութիւններ ներկայացուած են Գերագոյն դատարան։ Սեպտեմբերին գործը պիտի քննէ 15 դատաւորէ կազմուած խումբը։

Փաթեթի յաջորդ օրինագիծը, որ Նաթանիահուն մտադիր է հաստատել, կառավարութեան թոյլ կու տայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ դատաւորներու նշանակման գործին։