Իսրայէլեան բանակը կոչ ըրած է պաղեստինցիներուն տարհանուելու Կազայի հատուածի արեւելեան Ռաֆահ քաղաքէն՝ նախքան ծրագրուած ցամաքային գործողութիւնը։ Այս մասին գրած է «Times of Israel» թերթը։
Աղբիւրի տուեալներով՝ իսրայէլցի զինուորականները խաղաղ բնակիչներուն կ՚առաջարկեն տեղափոխուիլ Ալ-Մաուասի եւ Խան Եունիս շրջաններու ընդլայնուած մարդասիրական գօտի։ Իսրայէլեան բանակը սկսած է թռուցիկներ նետել արեւելեան Ռաֆահի մէջ: Զինուորականները նաեւ կը զանգեն բնակիչներուն եւ անոնց հաղորդագրութիւնները (SMS) կ՚ուղարկեն մարդասիրական գօտի հասնելու հրահանգներով: Տարհանման հրամանն առայժմ կը վերաբերի միայն Ռաֆահի արեւելեան որոշ շրջաններուն, այլ ոչ ամբողջ քաղաքին:
«Իսրայէլեան բանակը կոչ կ՚ընէ «Համաս»-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող բնակչութեան ժամանակաւորապէս տարհանուելու Ռաֆահի արեւելեան թաղամասերէն դէպի ընդլայնուած մարդասիրական գօտի», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ռաֆահը կը գտնուի Կազայի հատուածի հարաւը, եւ վերջին վեց ամսուան ընթացքին անոր բնակչութիւնը հասած է 1,5 միլիոնի, քանի որ պաղեստինցիները հաւաքուած են քաղաքին մէջ՝ ապաստան ստանալու համար: Ռաֆահը կը գտնուի Եգիպտոսի հետ սահմանին եւ, ըստ ՄԱԿ-ի, կարեւոր կէտ է Կազայի հատուած մարդասիրական օգնութեան համար:
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն բազմիցս յայտարարած է Ռաֆահ քաղաքին մէջ գործողութիւն իրականացնելու իր մտադրութեան մասին՝ հակառակ միջազգային հանրութեան քննադատութեան եւ ճնշման։ Ապրիլ 30-ին ան յայտարարած է, որ իսրայէլեան ռազմական ուժերը գործողութիւն պիտի իրականացնեն Ռաֆահի մէջ՝ անկախ «Համաս»-ի հետ պատանդները ազատելու բանակցութիւններու արդիւնքէն։