Իսրայէլի զինուորականները պաղեստինցիներուն խորհուրդ տուած են լքել Կազայի հատուածն ու Եգիպտոս փախչիլ՝ Համաս խմբաւորման հետ շարունակուող պատերազմի լոյսին տակ։ Այս մասին գրած է timesofisrael.com-ը:
«Ռաֆահի անցումը դեռ բաց է. ով կրնայ դուրս գալ, խորհուրդ կու տանք դուրս գալ»,- արտասահմանեան լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Իսրայէլի պաշտպանական ուժերու խօսնակ, փոխգնդապետ Ռիչարտ Հեխթը: