Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը քննադատեն Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի լռութիւնը՝ Իրանի պատասխանէն ետք։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդած են, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի լիակատար լռութիւնը կ՚արտացոլէ «ռազմավարական եւ քաղաքական գլխացաւանքը, որ անոր պատճառած է Իրանի հարուածը»:
«Հաարէց» այս առումով կը գրէ, որ Նաթանիահուն իր քաղաքական ասպարէզը կառուցեց՝ բազմիցս խօսելով Իրանի սպառնալիքի մասին, եւ այժմ ան ոչինչ ունի ըսելու Իսրայէլին տրուած իրանեան բուն պատասխանի մասին»։
Պատերազմի գրասենեակի հինգ օրուան բանավէճը, արտահոսքերը, ճեպազրոյցները եւ նոյնիսկ ռաբունական ճեպազրոյցները միասին աւարտեցան «սահմանափակ եւ հաշուարկուած յարձակմամբ», որու համար Իսրայէլ պատասխանատւութիւն չի կրեց, իսկ իրանցիները ուզեցին արժեզրկել անոր նշանակութիւնը։
Իրանի ռեժիմը անակնկալի մատնեց Նեթանիահուն
Իրանի ռեժիմը փոխեց իր քաղաքականութիւնը եւ ընտրեց ուղղակի յարձակումը, բան մը, որ անակնկալի մատնեց Նաթանիահուն եւ հետախուզական ծառայութիւնները, որոնց ռազմավարութիւնը, որ շարունակուած է 40 տարի, պատրաստ չէր Իրանեան նման պատասխանին»։
Իսրայէլ 19 Ապրիլի լուսադէմին վնասարար գործողութիւն իրականացուած էր Իրանի տարածքին դէմ՝ փոքր ԱԹՍ-ներ արձակելով դէպի երկրի կեդրոնը գտնուող Սպահանի նահանգ, սակայն Իրանի հակաօդային պաշտպանութիւնը խոցած էր արձակուած հրթիռները։ Թեհրան հաստատած էր, որ «ԱԹՍ-ները երկրի դուրսէն չեն եղած»։ Իրենց հերթին, իսրայէլացի պաշտօնեաներ իրենց տուած պատասխանը որակած են «թոյլ», ըսելով, որ այդ կերպ իրականցուած է՝ մագլցումէ խուսափելու համար: