Arkia օդանաւային ընկերութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան կողմէն ստացած է արտօնութիւն` Թել Աւիւ-Երեւան-Թել Աւիւ երթուղիով կանոնաւոր չուերթներ իրականացնելու համար:
Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԿԱ քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Չուերթները պիտի սկսին 16 մայիսին: Շաբաթական պիտի իրականացուի մէկ չուերթ յաճախականութեամբ` իւրաքանչիւր Չորեքշաբթի: