image

Իսրայէլ պատրաստակամ է Պաղեստինի հետ քաղաքական երկխօսութեան. ԱԳՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ

Իսրայէլ պատրաստակամ է Պաղեստինի հետ քաղաքական երկխօսութեան. ԱԳՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ

Իսրայէլ բաց է Պաղեստինի հետ բանակցութիւններու համար, սակայն արաբական կողմը կը հրաժարի երկխօսութենէն: Այս մասին ըսած է իսրայէլեան ԱԳՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Ալոն Լաւին:

Անոր խօսքով՝ հրէական պետութիւնը կ'ուզէ զարգացնել Կազայի տնտեսութիւնը, սակայն այդ անհնար է դիմադրութեան եւ պաղեստինեան «Իսլամական ճիհատ» խմբաւորման սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ:

«Իսրայել միշտ բաց եղած է պաղեստինցիներու հետ բանակցութիւններու համար։ Սակայն, ցաւօք, պաղեստինցիները կը հրաժարին նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ՝ երկխօսութիւնը վերսկսելու համար։ Այսպիսով անոնք կը խոչընդոտեն այս հարցով առաջ շարժելու ամէն փորձ, որեւէ գործընթաց։ Մենք կ'ուզէինք խուսափիլ բռնութենէ, եւ Իսրայէլ բազմիցս յայտարարած է այդ մասին։ Ընդհակառակը, մենք կ'ուզէինք զարգացնել Կազայի տնտեսութիւնը։ Բայց այդ մէկը կարելի կ'ըլլայ երբ Իսրայէլի անվտանգութեան առումով լիարժէք վստահութիւն ունեանայ»,-ըսած է Իսրայէլի ներկայացուցիչը:

Վերջին մագլցումը եղած է օգոսոտս 5-8-ը:

Իսրայէլեան կողմի յայտարարութենէն առաջ պաղեստինեան կողմը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ: Աշխատանքի նախարար, Պաղեստինի ազատագրման կազմակերպութեան կոմիտէի անդամ Ահմատ Մաճտալանին յայտնած է, որ կողմերու միջեւ քաղաքական գործընթացը մտած է փակուղի, սակայն արաբական երկիրը նախկինի պէս բաց է բանակցութիւններու համար:

Անոր խօսքով՝ Կազայի եւ Իսրայէլի միջեւ հրադադարը փխրուն է եւ ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ, քանի որ մագլցումի յանգեցուցած գործօնները չեն վերացած: