Պաղեստինի ամենայայտնի առաջնորդ Մարուան Պարղութի ներառուած չէ այն բանտարկեալներուն մէջ, որոնց Իսրայէլ մտադիր է ազատ արձակել «Համաս»-ի կողմէ պահուող պատանդներուն դիմաց՝ Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի համաձայնութեան ծիրէն ներս: Այս մասին յայտնած է The Associated Press:
Իսրայէլ նաեւ մերժած է ազատ արձակել այլ բարձրաստիճան բանտարկեալներ, որոնց ազատ արձակումը «Համաս»ը վաղուց կը պահանջէր:
Նշուած է, որ դեռ պարզ չէ՝ Իսրայէլի կառավարութեան պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած մօտ 250 բանտարկեալներու ցուցակը վերջնակա՞ն է կամ ոչ:
«Համաս»-ի բարձրաստիճան պաշտօնեայ Մուսա Ապու Մարզուք «Ալ Ճազիրա» հեռատեսիլային ալիքին յայտնած է, որ իրենք կը պնդեն Պարղութիի եւ այլ բարձրաստիճան անձերու ազատ արձակումը: Այս հարցով միջնորդներուն հետ բանակցութիւններ կ'ընթանան:
Իսրայէլ Պարղութին կը համարէ ահաբեկչութեան առաջնորդ։