Իրան կը ցանկայ ստանալ ռուսական С-400 զենիթահրթիռային համակարգերը, ինչ որ Իսրայէլ խոչընդոտ կը համարէ իրանական միջուկային ծրագրի կառոյցներուն հնարաւոր հարուած հասցնելու համար, յայտնած է Bloomberg-ը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։
Իսրայէլ մտավախութիւն ունի, որ Իրան կրնայ միջուկային զէնք ստեղծել, այդ պատճառով կը դիտարկէ յարձակման հնարաւորութիւնը։ Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի գործակալութեան աղբիւրները յայտնած են, որ Իրանի կողմէ С-400 ձեռք բերելու հեռանկարը կրնայ արագացնել Թել Աւիւի՝ հարուած հասցնելու որոշումը։ Իսրայէլի մէջ նաեւ կը կարծեն, որ, եթէ Թեհրան ստանայ այդ համակարգերը, այդպիսով կը կրճատուի հնարաւոր հարուածի հաւանականութիւնը, ուստի կրնան որոշել աւելի արագ գործել։
«Որքան աւելի երկար սպասէք, այնքան աւելի դժուար կը դառնայ: Մենք շատ երկար սպասած ենք։ Կրնամ ըսել, որ կ'ընեմ հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի Իրան միջուկային զէնք չստանայ»,- գործակալութիւնը մէջբերած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի խօսքը։