image

Իսրայէլ հարուածեց Պէյրութը. Տարաբնոյթ տեղեկութիւններ հարուածին մասին

Իսրայէլ հարուածեց Պէյրութը. Տարաբնոյթ տեղեկութիւններ հարուածին մասին

Յիշեցնենք, որ  իսրայէլեան հարուածը  թիրախ դարձուցած է Հարաւային արուարձանին «Հարէթ Հըրայք» թաղամասը, ուր կը գտնուին «Հըզպալլա» կազմակերպութեան կարեւոր կեդրոնատեղիներ։

Նախնական տուեալներով հարուածին հետեւանքով զոհուած են  3 անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը անցած է 80-ը։

 Իսրայէլ ԱԹՍ-ով հարուածեց  Պէյրութի հարաւային արուարձանը։

Ըստ նախնական տուեալներու Իսրայէլ այս հարուածով սպաննած է «Հըզպալլա» ռազմական հրամանատար Ֆուատ Շաքարը։

Մինչ «Հըզպալլա»-ի մօտիկ կանգնած աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Ֆուատ Շաքար չէ սպաննուած, անդին ըստ իսրայէլեան ԶԼՄ-ներ կը վստահեցնեն, որ Իսրայէլեան հարուածը չէ վրիպած։

Ըստ «Ալ Ճազիրա» կայանին Ֆուատ Շաքր կը համարուի «Հըզպալլա» կազմակերպութեան ռազմական թեւը կարեւորագոյն հրամանատարը, որ նաեւ կը համարուի Լիբանանեան հարաւի գլխաւոր զօրահրամանատարը։ 

Յիշեցնենք, որ  իսրայէլեան հարուածը  թիրախ դարձուցած է Հարաւային արուարձանին «Հարէթ Հըրայք» թաղամասը, ուր կը գտնուին «Հըզպալլա» կազմակերպութեան կարեւոր կեդրոնատեղիներ։

Նախնական տուեալներով հարուածին հետեւանքով զոհուած են  3 անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը անցած է 80-ը։

 

Լուրը՝ Լիբանանեան ԶԼՄ-ներ, «Արեւելք»