image

Իսրայէլ եւ  «Հըզպալլա» փոխադարձաբար հարուածած են Պէյրութն ու Թէլ Աւիւը

Իսրայէլ եւ  «Հըզպալլա» փոխադարձաբար հարուածած են Պէյրութն ու Թէլ Աւիւը

Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են Պէյրութի կեդրոնական Զուքակ ալ Պլաթ շրջանը: Կան տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալով՝ վերջին 24 ժամուան ընթացքին երկրին մէջ 35 խաղաղ բնակիչ զոհուած է: 2023 թուականի հոկտեմբերէն ի վեր այդ թիւն արդէն կը հասնի 3600-ի, յայտնի է շուրջ 15000 վիրաւորի մասին:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած են, որ «Հըզպալլահն» ալ հարուածած է Թել Աւիւը: Կան տուժածներ:

Նոյեմբեր 18-ի երեկոյեան լիբանանեան «Հըզպալլա» խմբաւորումը հրթիռ արձակած է Իսրայէլի կեդրոնական հատուածի ուղղութեամբ: Թէլ Աւիւի արուարձաններէն մէկուն մէջ խաղաղ բնակիչներ վիրաւորուած են, յայտնած է The Times of Israel-ը։

Նշուած է, որ Պնէյ Պրաքի եւ Ռամաթ Կանի շրջաններուն մէջ հինգ մարդ վիրաւորուած է «Հըզպալլա»-ի հրթիռակոծութենէն ետք։ 54-ամեայ կնոջ վիճակը կը գնահատուի ծանր։ Մէկ հոգիի վիճակը միջին ծանրութեան է, երեքը ստացած են թեթեւ վնասուածքներ։ Բոլորը վիրաւորուած են բեկորներէն։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ յարձակման ժամանակ մէկ հրթիռ արձակուած է Լիբանանէն, եւ իսրայէլեան ՀՕՊ-ը բարեյաջող որսացած է այն, սակայն հրթիռի բեկորներն ինկած են Թել Աւիւի երկու արուարձաններու միջեւ, որու հետեւանքով հրդեհ  առաջացած է, վնասուած են շէնքեր ու մեքենաներ: Իսրայէլի հիւսիսին մէջ ալ յայտնի է մէկ զոհի եւ վիրաւորներու մասին: