image
Հրատապ լուրեր:

ISIS Ծանր Հարուած Ստացաւ Իրաքի Հարտան Աւանին Մէջ

ISIS Ծանր Հարուած Ստացաւ    Իրաքի Հարտան   Աւանին  Մէջ

 Իրաք (Rudaw.net) ISIS Ահաբեկչական խմբաւորման հերթական  յարձակումը ետ մղուած է Իրաքի Հարտան աւանին մէջ:  Այս մասին  տեղեկութիւնը  տրուած է Rudaw.net      կայքին կողմէ:  Աղբիւրը նաեւ կը  նշէ, որ              ISIS-ի զինեալներ ութ   զինուորական կառքերով փորձած են գրաւել Բէշմարքայի  պատկանող   զինուորական կէտ մը  եւ  ծանր   մարտերէ ետք ետ մղուած են:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ Բէշմարքայի   զինեալներ ծանր հարուած տուած են  ISIS-ին:Յիշեցնենք, որ   Հարտան կը գտնուի    Եզիտներու գլխաւոր բնակավայր  համարուող  Սինճար լերան  ճամբուն վրայ   Թալ Ահֆար աւանի արեւելեան շրջանին մէջ: