image

Իրաքի մէջ ցուցարարները ներխուժած են Շուէտի դեսպանատուն՝ Իսլամներու Սուրբ Գիրք Քուրանը այրելու համար

Իրաքի մէջ ցուցարարները ներխուժած են Շուէտի դեսպանատուն՝ Իսլամներու Սուրբ Գիրք Քուրանը այրելու համար

Բողոքի ցոյցի մասնակից տասնեակ իրաքցիներ ներխուժած են Պաղտատի մէջ Շուէտի դեսպանատուն՝ ի պատասխան Սթոքհոլմի կեդրոնական մզկիթի դիմաց Քուրանը այրելուն։ Այդ մասին յայտնած է Al Arabiya-ն։

Նշուած է, որ ցուցարարները շիաներու հոգեւոր առաջնորդ Մուքթատա ալ-Սատրի հետեւորդներն են, որ աւելի վաղ Սթոքհոլմին կոչ ըրած էր հեռացնելու Իրաքի մէջ Շուէտի դեսպանը։ Որոշ ցուցարարներ շուէտական դիւանագիտական ​​ներկայացուցչութեան ցանկապատէն անցած են ու յայտնուած դեսպանատան բակին մէջ։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Սթոքհոլմի կեդրոնին մէջ Քուրանն այրելու արշաւը իրականացուցած է Իրաքէն փախստական 37-ամեայ Սալվան Մոմիքան։ Դէպքի վայրի մէջ էին շուէտական եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, մօտ 200 քաղաքացի։ Ի նշան բողոքի՝ տղամարդը պոկած է իսլամներու Սուրբ գիրքի էջերը, ատոնցմով սրբած կօշիկները, ապա այրած ամբողջ գիրքը։

Իրաքի իշխանութիւնները Շուէտի կառավարութենէն պահանջած են արտայանձնել 37-ամեայ իրաքցին, երկրի ԱԳՆ-ն ալ կանչած է Պաղտատի մէջ Շուէտի դեսպանը եւ խնդրած, որ Շուէտի իշխանութիւնները անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկեն նման գործողութիւններու կրկնութիւնը կանխելու համար։