Իրաքի յատուկ ծառայութիւնները Ֆրանսայի 47 քաղաքացի կը հարցաքննեն՝ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան կատարած յանցագործութիւններուն անոնց ենթադրեալ առնչութեան համար։ Այս մասին կը հաղորդէ Agence France-Presse գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով պաշտօնական անձեր։
Կը նշուի, որ կասկածեալները մօտ մէկ ամիս առաջ «Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր»էն փոխանցուած են Իրաքի իշխանութիւններուն։
Աղբիւրը գործակալութեան տեղեկացուցած է, որ Իրաքի յատուկ ծառայութիւնները ունին ապացոյցներ՝ այդ ֆրանսացիներու առնչութեան մասին, իրաքցիներու դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն մէջ։ Անոնք պիտի դատուին Իրաքի օրէնքներուն համաձայն։