Իրան կը շարունակէ աջակցիլ տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու եւ փոխադրային ուղիներու ապաշրջափակման, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան օրակարգի առաջխաղացման, սակայն դէմ է միջազգային սահմաններու փոփոխութեան. այս մասին, Tasnim գործակալութեան հաղորդմամբ, ճեպազրոյցին ըսած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանանի:
Ան ընդգծած է, որ Հարաւային Կովկասի խաղաղութիւնը տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն օգտին է:
«Իրան կ'աջակցի Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ու կայունութեան, եւ մենք կ'ողջունենք տարածաշրջանի երկիրներու ինքնիշխանութեան ծիրէն ներս փոխադրային ուղիներու արգելափակման վերացումը։ Այս շրջանակը կրնայ օգնել ամրապնդելու խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Մենք նաեւ յստակօրէն դէմ կ'արտայայտուինք միջազգային սահմաններու ցանկացած փոփոխութեան, որ կը հակասէ երկիրներու քաղաքական անկախութեան»,- աւելցուցած է ան: