Պրիւքսէլը վճռական տրամադրուած է շարունակելու իր միջնորդութիւնը հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը։
«Մենք քննարկած ենք իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Մենք վճռական տրամադրուած ենք առաջ տանիլ ԵՄ միջնորդական ջանքերը՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման հասնելու համար՝ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ»,- յայտարարած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը։
Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը յայտարարած էր, որ հոկտեմբերի վերջաւորութեան Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպում տեղի պիտի չունենայ: