Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն տարածած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմաթ Հաճիեւի հանդիպման արդիւնքներով: Անոր մէջ կը նշուի, որ կողմերը, ի թիւս այլնի, քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ գործընթացները։
«Սալիվանը փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման գործին մէջ: Ան բարձր գնահատած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած նշանակալի եւ պատմական դիւանագիտական ջանքերը։
Սալիվան աջակցութիւն յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի կողմէ կազմակերպուած բանակցութիւններուն: Ան փոխանցած է ԱՄՆ-ի պատրաստակամութիւնը սերտօրէն ներգրաւուելու եւ յառաջընթացին աջակցելու տարբեր միջոցներով, այդ շարքին՝ որպէս Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի համանախագահի կարգավիճակով», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: