image

Պլինքըն. «Մենք աջակից ենք Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան»

Պլինքըն.  «Մենք  աջակից ենք  Հարաւային Կովկասի  խաղաղութեան»

Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աջակցելու Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղութեան հաստատման: Այս մասին ըսուած է Ատրպէյճանի Անկախութեան օրուայ առթիւ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղար՝ Էնթընի Պլինքընի շնորհաւորական ուղերձով:

«Մենք յանձնառու են՝ խթանելու խաղաղ, ժողովրդավարական ու բարեկեցիկ ապագան Ատրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի համար: Մենք պատրաստ ենք աջակցիլ ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ համախոհ գործընկերներու հետ փոխգործակցութեան միջոցով՝ օգնելու տարածաշրջանին գտնելու երկարատեւ համապարփակ խաղաղութիւն»,- ըսուած է Պետական քարտուղարի ուղերձով:

Պլինքըն կոչ ըրած է նաեւ իրականացնելու բարեփոխումներ, որոնք կը պաշտպանեն մարդու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները, որոնք նախատեսուած են Ատրպէյճանի սահմանադրութեամբ:

Պետական քարտուղարը յայտարարած է նաեւ, որ ԱՄՆ բարձր կը գնահատէ Ուքրանիոյ հարցով Ատրպէյճանի ցուցաբերած աջակցութիւնը: