image

Իրանի ռազմափորձերը պատասխան են Իսրայէլին. Իրանցի գործիչ

Իրանի ռազմափորձերը  պատասխան են Իսրայէլին. Իրանցի գործիչ

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի զօրավարժութիւնները երկրի հիւսիս-արեւմտեան շրջանին՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին, «վճռական պատասխան» են Իսրայէլին։ Այս մասին իրանեան IRNA պետական լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի պատգամաւոր Մոհամմատ Սաֆային։

Անոր խօսքով, Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի զօրավարժութիւնները պատասխան էին Ատրպէյճանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ իսրայէլեան ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի դէմ որոշ «դաւադրութիւններու» ծրագրերուն:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի ներկայութեան՝ պատգամաւորն ըսած է. «Սիոնիստները կը ձգտին խաթարել Իսլամական Հանրապետութեան ազդեցութիւնը Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։ Բայց անոնք երբեք պիտի չյաջողին»:

Ան ընդգծած է, որ Իրան չընդունիր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ միջազգային սահմաններու ոչ մէկ փոփոխութիւն։

«Սահմաններու փոփոխութիւնը կը հակասէ Իսլամական Հանրապետութեան շահերուն։ Ուստի Իսլամական Հանրապետութիւնը կտրականապէս դէմ է այս փոփոխութեան։ Ուղերձը չարակամներուն այն է, որ որեւէ գործողութիւն, որ կը վնասէ Իսլամական Հանրապետութեան շահերուն, թանկ պիտի արժէ իրենց համար», -ըսած է ան:

Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի (ԻՀՊԿ) ցամաքային ուժերը քանի մը ստորաբաժանումներու ներգրաւմամբ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ իրականացուցած են Իրանի հիւսիսարեւմտեան սահմաններուն։

Զօրավարժութիւններու ընթացքին Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբը մշակած է Ատրպէյճանի հետ սահմանին Արաքս գետի վրայ կամուրջի կառուցման ծրագիր։