Կիրակի կը նախատեսուի Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի այցը Նիւ Եորք՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի 79-րդ նստաշրջանին։
Նախագահը պիտի ներկայացնէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տեսակէտներն ու դիրքորոշումները տարբեր հարցերու վերաբերեալ: Այդ մասին յայտնած է «Մեհր» գործակալութիւնը:
Նախատեսուած են Փեզեշքիանի շարք մը հանդիպումներ, ներառեալ՝ երկկողմ հանդիպումներ տարբեր պետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող իրանցիներու հետ։
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի 79-րդ նստաշրջանը մեկնարկած է երեքշաբթի՝ սեպտեմբեր 10-ին: Բարձր մակարդակի ընդհանուր քննարկման առաջին օրը նշանակուած է սեպտեմբեր 24-ին: