image

Իրանի նախագահը այցելած է հայ նահատակ՝ Վարդան Աղաջանեանի ընտանիքին

Իրանի նախագահը այցելած է հայ նահատակ՝ Վարդան Աղաջանեանի  ընտանիքին

Յիսուս  Քրիստոսի ծննդեան տօնին առթիւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի այցելութիւն տուած  է Իրանեան բանակի նահատակներէն ՝ Վարդան Աղախանեանի ընտանիքին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «ԻԼՆԱ» լրատուական կայքէն։

Նախագահ Ռայիսի շնորհաւորելով Քրիստոսի ծննդեան տօնը մասնաւորապէս նշած է, որ Քրիստոնեաներն ու Քրիստոնէական կրօնքը հեռու չեն իսլամներէն ու որպէս փաստ նշած է, որ Իսլամներու սուրբ գիրքին՝ Քորանին մէջ քանիցս յիշատակուած է Սուրբ կոյս Մարիամն ու Եսայի ՝«Իսսա» Մարգարէն (Իսլամները Յիսուս Քրիստոսը կը կոչեն՝ Եսայի Մարգարէ խմբ.՝ «Արեւելք»)։

 Իրանցի նախագահը նաեւ հաստատած է, որ երկրի նահատակները միշտ ալ արժանի են յարգանքի եւ անոնք իրական փարոսներն Իրանցի ժողովուրդին։

Խօսելով նահատակներու թողած աւանդին մասին Ռայիսի նկատել տուած է, որ «Իրանը եւ իրանցի ժողովուրդը միշտ պատրաստ է պաշտպանել իր իրաւունքները նուիրաբերելով իր զաւակները յանուն երկրի անվտանգութեան եւ Իրանի թշնամիները շատ լաւ գիտեն այդ մէկը»։

 Ռաիսին նաեւ նշած է, որ իրենց համար տարբերութիւններ չկան եւ երկրի բոլոր համայնքները եւ բաղադրիչները համահաւասար իրաւունքներ ունին Իրանի մէջ եւ Նշենք, որ Վարդան Աղախանեան (հայորդին զոհուած էր 20 տարեկան հասակին) զոհուած էր 1985 թուականին երկրի Խուզիստան նահանգին մէջ Իրան-Իրաքեան պատերազմի ժամանակ։