image

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի խիստ մտահոգ

Իրանի  նախագահ Հասան  Ռուհանի   խիստ մտահոգ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ՝ Հասան Ռուհանին մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ երրորդ երկիրներու հնարաւոր միջամտութեան առնչութեամբ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` այս մասին Իրանի նախագահը նշած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին:
Ռուհանին մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ, որ այդ միջամտութիւնը կրնայ հակամարտութիւնը վերածել տարածաշրջանային պատերազմի:
«Անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ հանգստութիւնը տարածաշրջանին մէջ, յատկապէս հիւսիսային սահմաններուն վրայ, մեզի համար շատ կարեւոր են։ Եւ այդ հակամարտութիւնն ու սահմաններուն վրայ պահպանուող վտանգաւոր իրավիճակը պէտք չէ ճանապարհ բանան որոշ ահաբեկչական խմբաւորումներու ազդեցութեան համար»,- նշած է Ռուհանին:
Իրանի նախագահը յայտնած է, որ Թեհրանը պատրաստ է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: