image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի միջուկային կառոյցները հարուածելը լուրջ սադրանք պիտի ըլլայ. Լաւրով

Իրանի միջուկային կառոյցները հարուածելը լուրջ սադրանք պիտի ըլլայ. Լաւրով

Իրանի մէջ գտնուող խաղաղ միջուկային կառոյցները հարուածելը լուրջ սադրանք պիտի ըլլայ, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Այս մասին գրած է interfax.ru-ն:

«Եթէ իրականացուին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խաղաղ միջուկային կառոյցներու վրայ յարձակման ծրագիրները կամ սպառնալիքները, այդ շատ լուրջ սադրանք պիտի ըլլայ», - ուրբաթ Լաոսի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Լաւրովը։

Նախարարը յիշեցուցած է, որ «ՄԱԳԱՏԷ-ն (Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւն) բաւականին խիստ կերպով կը վերահսկէ Իրանի միջուկային ծրագիրը, եւ որեւէ նշան չի տեսներ, որ Իրանը սկսած է այդ միջուկային ծրագիրը տեղափոխել ռազմական ուղի»։

«Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը պարբերաբար զեկոյցներ կը ներկայացնէ Կառավարիչներու խորհուրդին, մենք կը մեկնինք այդ մասնագիտական գնահատականներէն»,- նշած է Լաւրովը։