Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան գործունէութեան վերսկսման համար ճանապարհային քարտէզ պատրաստուած է։
Ինչպէս հաղորդած է «ԱՊԱ»-ն, այս մասին Իրանի եւ Ատրպէյճանի դատախազութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումէն ետք յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Նասեր Քանաանին:
«Այս հանդիպումը երկու երկիրներու ջանքերու մէկ մասն է՝ լուծելու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու մէջ մնացած խնդիրները եւ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան հետ կապուած հարցերը։
Մինչ օրս գործընթացը դրական եղած է, եւ այս գործի բազմաթիւ երեսակներ լուծուած են:
Ատրպէյճանի դեսպանատան գործունէութեան վերսկսման համար մշակուած է ճանապարհային քարտէզ, եւ ջանքերը յաջողութեամբ կը շարունակուին։ Մենք ականատես եղանք լաւ միտումներու՝ երկու երկիրներու այլ ոլորտներու յարաբերութիւններուն մէջ։ Յաջող բանակցութիւններ վարուած են աեւ առեւտուրի ոլորտին մէջ»,- նշած է ան։