image

Իրանեան գրոհը աւարտեցա՞ւ

 Իրանեան գրոհը աւարտեցա՞ւ

 Լրատուական աղբիւրներ, որոնք երէկ գիշերուան ժամերէն սկսեալ մանրամասն կերպով հետեւեցան Իրանի կողմէ գործի դրուած եւ Իսրայէլին ուղղուած գրոհին այս առաւօտ լուր տարածեցին, որ «գրոհը աւարտած է»։

 Մինչ իրանցի մէկէ աւելի պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ իրենք «գոհ»էն յարձակման արդիւնքներէն, անդին Իսրայէլ յայտարարեց, որ կարողացած է խոցել գրեթէ բոլոր իրանեան ԱԹՍ-ներն ու պալիսթեան հրթիռները։

Կարգ մը աղբիւրներ նոյնպէս հաղորդեցին, որ ոչ մէկ իրանեան ԱԹՍ հասած է Իսրայէլի տարածք։Այսպիսով կը կարծուի, որ Իրան աւարտած է իր գրոհը, սակայն Իսրայէլեան հակահարուածի մը հաւանակութիւնը կը շարունակէ մնալ բարձր։

Յիշեցնենք, որ երէկ գիշեր՝ Իրան տասնեակ անօդաչու սարքեր արձակած էր  Իսրայէլի ուղղութեամբ, գրած է Jerusalem Post-ը։

«Իրանէն տասնեակ անօդաչու թռչող սարքեր կը թռչին դէպի Իսրայէլ»,- ըսուած է հրապարակման մէջ։

 

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հաստատած է, որ Իրան անօդաչու թռչող սարքեր ուղարկած է Իսրայէլի ուղղութեամբ։

 

Միացեալ Նահանգներ յայտարարած է, որ կ'աջակցի Իսրայէլին Իրանի հետ հակամարտութեան։

 

Սպիտակ տունը նաեւ յայտարարած է, որ Իրանի յարձակումը Իսրայէլի վրայ, հաւանաբար, կը տեւէ քանի մը ժամ։