image

Իրանցի վարորդներու խնդրով Պաքուէն հերքում

Իրանցի վարորդներու խնդրով Պաքուէն հերքում

Ատրպէյճանը հերքած է իրանցի վարորդները ազատ արձակելու մասին լուրը: Ինչպէս կը փոխանցեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով երկրի Պետական մաքսային կոմիտէին, հետաքննութիւնը երկու իրանցի վարորդի նկատմամբ կը շարունակուի:

Անոնց ազատ չեն արձակած եւ չեն վերադարձրած հայրենիք: 

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիան իր ատրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովին տեղեկացուցած է, որ թշնամիները պէտք չէ հնարաւորութիւն ունենան խախտելու բարեկամական կապերը Թեհրանի եւ Պաքուի միջև:

Յիշեցնենք, որ իրանեան բեռնատարներու երկու վարորդի ատրպէյճանցիները ձերբակալած էին Սեպտեմբերի կէսերուն Գորիս-Կապան ճանապարհին՝ Պաքուի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածով երթեւեկած ժամանակ: Բացի այդ, անոնք 100-ական տոլար պահանջած էին վարորդներէն՝ որպէս հարկ: