image

Իրանցի դիւանագէտները վերադարձան Սէուտական Արաբիա

Իրանցի դիւանագէտները վերադարձան Սէուտական Արաբիա

Քանի մը իրանցի դիւանագէտներ կը վերսկսին իրենց աշխատանքը Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ (ԻՀԿ), որ կը գտնուի Սէուտական Արաբիոյ Ճիտտա քաղաքին մէջ:

Երեք իրանցի դիւանագէտներ Սէուտական Արաբիա մուտքի այցագիր ստացած են: Դիւանագէտները «արդէն մեկնած են Ճիտտա եւ վեցամեայ ընդմիջումէ յետոյ պէտք է վերսկսին իրենց գործունէութիւնը ԻՀԿ-ի մէջ:

Կը նշուի, որ Իրանէն Սէուտական Արաբիա դիւանագէտներու մուտքի մասին համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է սէուտցի եւ իրանցի ներկայացուցիչներու միջեւ բանակցութիւններու հերթական փուլի ընթացքին, որոնք տեղի ունեցած են Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ: Մինչեւ այս պահը Պաղտատի մէջ կայացած է Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ բանակցութիւններու չորս փուլ: Բացի անկէ, կողմերը շփումներ ունեցած են Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ Գլխաւոր վեհաժողովի նիստի հարթակներուն մէջ:

Երկխօսութիւնը կեդրոնացած է երկկողմ եւ տարածաշրջանային հարցերու վրայ, ներառեալ իրադրութիւնը Պարսից ծոցի եւ Եմէնի մէջ: 2021-ի Յունիս 21-ին Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսին յայտարարած է, որ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ երկխօսութեան եւ դեսպանութիւններու աշխատանքի վերսկսման համար որեւէ կարգի արգելքներ չկան:

Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները լրջօրէն սրած են 2015-ի Մարտին Եմէնի տարածքին «Անսարալլա» շարժման (հուսիներ) դէմ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքին կողմէ ռազմական գործողութիւն սկսելէ յետոյ, որ կը շարունակուի մինչ օրս: Իրանը թագաւորութեան այդ գործողութիւնները կը գնահատէ որպէս տարածաշրջանի իրադրութեան ապակայունացում: Ռիատը Թեհրանը կը մեղադրէ հուսիներու աջակցութեան համար, որոնք իրենց զէնքը, ընդ որում անօդաչուները, կ'ուղղեն Սէուտական Արաբիոյ դէմ: