Իրան կը հարուածէ բացառապէս Իսրայէլի ռազմական եւ հետախուզական կառոյցները, ինչպէս նաեւ որոշումներու կայացման կեդրոնները: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է իսլամական հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Սայիտ Խաթիպզատէն:
«Մենք պատասխան յարձակում չենք կատարեր: Մեր վրայ յարձակած են, եւ մենք կը պատասխանենք ինքնապաշտպանութեան օրինական իրաւունքին համապատասխան: Մենք հրթիռներով հարուածներ հասցուցած ենք միայն ռազմական եւ հետախուզական կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ այն կեդրոններուն, որոնք կը ղեկավարեն յարձակումը», - անոր խօսքը մէջբերած է ISNA գործակալութիւնը:
«Եթէ այդ յարձակումները դադրին, ապա ընտրութիւնը պիտի կատարուի դիւանագիտութեան օգտին», -աւելցուցած է ան: