Իրան յայտարարած է, որ ունի փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն ահաբեկչական խմբաւորումներու տեղափոխումը Ատրպէյճան։
«Իրանը նոյնիսկ ստացած է ձայնային արձանագրութիւններ եւ զանոնք կը պահէ հետախուզութեան վերահսկողութեան տակ», ըսած է Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէն։
«Մենք ատրպէյճանական կողմին ըսած ենք, որ այդ անընդունելի է, եւ անոնց բարձրաստիճան պաշտօնեաները խոստացան աջակցիլ մեր մտահոգութիւններուն։ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ մեր յարաբերութիւնները շատ ջերմ են: Տարածաշրջանին մէջ կան երրորդ խումբեր, որոնք չեն ցանկար, որ Իրանն ու Ատրպէյճանը ունենան բարեկամական յարաբերութիւններ: Ըստ այդմ, անոնք կը հրապարակեն կեղծ լուրեր եւ կը փորձեն ազդել երկու երկիրներու մարդոց տրամադրութիւններուն վրայ», ըսած է Խաթիպզատէ։