image
Հրատապ լուրեր:

Իրան պատրաստ է Հայաստանին կազ տրամադրելու

Իրան  պատրաստ է Հայաստանին կազ  տրամադրելու

Իրանի նաւթի նախարար Ճաուատ Օճին յայտարարած է, որ երկիրը պատրաստ է թուրքմենական կազը Հայաստան փոխադրելու: Իրանի նաւթի նախարարը ըսած է այս մասին` ամփոփելով ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէլ Սանոսեանի հետ հանդիպումը:

«Թուրքմէնիստանէն Հայաստան կազի փոխադրման շուրջ բանակցութիւնները սկսած են, եւ մենք շուտով այդ առումով լաւ արդիւնքներու պիտի հասնինք երկրի կազային ցանցի բարձր թողունակութեան շնորհիւ: Այսօր բանակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած են լաւ պայմանաւորուածութիւններ կազի, նաւթաքիմիական արտադրանքի արտահանման աւելացման եւ փոխադարձ կապերու համակողմանի զարգացման վերաբերեալ», ըսած է Օճին:

Գնէլ Սանոսեանի հետ հանդիպման ընթացքին Ճաուատ Օճին պատրաստակամութիւն յայտնած է Իրանի կազի ազգային ընկերութեան կողմէ աւելցնելու կազի արտահանումը հարեւան Հայաստան:

Յիշեցնենք, որ 2004 թուականին Հայաստանն ու Իրանը ստորագրած են կազ` ելեկտրականութեան դիմաց փոխանակման գործարք, որու հիման վրայ 20 տարուայ ընթացքին Իրանը կազ պիտի արտահանէ Հայաստան,  իսկ փոխարէնը Իրանը ելեկտրականութիւն կը ներմուծէ Հայաստանէն: