Իրանի զինուած ուժերը ռազմական գորողութիւն սկսած է Իսրայէլի դէմ՝ ի պատասխան Իրանի տարածքին հասցուած հարուածներու: Այս մասին յայտնած են իրանեան լրատուամիջոցները։
Իսրայէլի քանի մը շրջաններու մէջ Իրանէն հրթիռակոծութեան հետեւանքով օդային հարուածներու ազդանշաններ հնչած են, յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը։
Թել Աւիւի մէջ յարձակման ենթարկուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան շտաբը։ Հրթիռային յարձակումէն ետք ամբողջ քաղաքը ծուխի մէջ է, կը հաղորդեն շարք մը լրատուամիջոցներ։
Մօտ 5-7 իրանեան հրթիռ ինկած է Իսրայէլի տարածքին մէջ, յայտնած են իսրայէլեան լրատուամիջոցները։
Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 150 հրթիռ։ Իրանեան հրթիռները յարձակած են Քիրիայի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի գլխաւոր հրամանատարական կէտի վրայ, ուր կը գտնուէր Իսրայէլի ողջ ռազմական եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը։
Իրանի պատասխան հարուածն Իսրայէլին անուանուած է «Խիստ պատիժ» գործողութիւն։ Որոշ տուեալներու համաձայն՝ արձակուած 150 հրթիռներէն մօտ 10-ը հասած են իրենց թիրախներուն։
ԻՌՆԱ-ն յայտնած է, որ «կոշտ պատասխանը» սկսած է, եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը պաշտօնական յայտարարութիւն պիտի տարածէ։