image

Հոսանքի մէջ... եւ հոսանքին դէմ հանդիման

Հոսանքի մէջ... եւ հոսանքին դէմ հանդիման

 Սերունդները մեր ժամանակ, որբ եղած են... 

 Որբ համարուած են անոնք։ Պայքար տարուած է նորերուն դէմ եւ այդ պայքարը եղած է ամէն տեղերէ, հազար սլաքներով, հազար հարուածներով, հազար դաշոյնները։ 

 Ոչ ոքի համար պատիւ կամ «յաղթանակ» չէ բերած, չէ մատուցած այդ սուր պայքարը...։Հիները կամ «անցած» են, մահացած ու մահանալով հեռացած... թափուր թողնելով իրենց տեղը, նստած վայրը, աթոռն ու պաշտօնը։ 

 Նորերէն շատեր «կամովին» ենթարկուելով դարձած են «յարմարուող», յաճախ զիջելով իրենց «ես»էն, անունէն եւ ինքնութիւնէն...

 

Տխուր իրականութիւն է անշուշտ, որ յատկապէս «աւանդական» անուանած հայագաղութներուն մէջ սերունդներու եւ սերնդափոխութեան մեծ, նոյնիսկ ահեղ պայքար գոյութիւն ունի։

 Հինը, երբեք պիտի չուզէ, որ նորը գայ... նորն ալ ի մասնաւորի այսօրուայ ժամանակները հաշուի առնելով, կամ կը լքէ ամէն ինչ... ու առանց ետին նայելու կը կտրէ իր պորտալարը՝ ինքնութեան արմատներէն, կամ ալ «դէմ կը դնէ» ամէն ինչին ու կը կոչուի այլախոհ, դառնալով գաղութին (Մայր, թէ քոյր գաղութներ) մերժուածն ու հալածուածը։

 Սերունդները մեր ժամանակ, որբ եղած են... 

 Որբ համարուած են անոնք։ Պայքար տարուած է նորերուն դէմ եւ այդ պայքարը եղած է ամէն տեղերէ, հազար սլաքներով, հազար հարուածներով, հազար դաշոյնները։ 

 Ոչ ոքի համար պատիւ կամ «յաղթանակ» չէ բերած, չէ մատուցած այդ սուր պայքարը...։Հիները կամ «անցած» են, մահացած ու մահանալով հեռացած... թափուր թողնելով իրենց տեղը, նստած վայրը, աթոռն ու պաշտօնը։ 

 Նորերէն շատեր «կամովին» ենթարկուելով դարձած են «յարմարուող», յաճախ զիջելով իրենց «ես»էն, անունէն եւ ինքնութիւնէն...

 Եղած են ատեններ, որ այդ նորերու պարագային, անոնք ընտրած են այնպիսի ծածկանուն-մականուններ, որ «խելքէ վեր արարք» համարուած է, հասարակութեան միւս տարրերուն կողմէ, որ մինչ այդ «կը կարծէին», որ տուեալ անձը «անուղղելի» այլախոհ մըն է։

 Նորերը քիչերը, «սիրած» են մեր ազգային կառոյցները, «զով է հոն» ըսելով բարձրացած են վերի յարկերը...։

 Ի հարկէ այս բոլորն ըսելով անպայման չպէտք է հասկնալ, որ տեղի ունեցած պայքարը «Համակարգային պայքար» մըն էր, որովհետեւ շատ մը պարագաներու տարբեր սերունդներու անդամներուն մինջեւ յառաջ բերուած «դաշինք»ը կ՚ուռճանար ու մարմին կը ստանար, պարզապէս հաշուի առնելով «շահեր»ու, շահակցութիւններու, դիրքերու, հետեւաբար նաեւ պաշտօններու պայքարը։ 

 Ամենուրէք գոյութիւն ունեցած է, եւ դեռ ալ գոյութիւն պիտի շարունակէ ունենալ այդպիսի պայքար։ Խորքային խնդիրը այդ պայքարին, ինչ տեսակի պայքար մը ըլլալու հարցը չէ, այլ այդ «մրցում»ին մէջ եղած կամ «բացակայած» կանոններու հարցն է։

 Պէյրութի, հետեւաբար նաեւ սփիւռքի «աւանդական» գաղութներու պարագային եւ այդ ներքին պայքարի սրութեան կողքին շեշտուած էր, ստեղծուած վիճակը «համակարգային»էն դուրս պահելու երեւոյթ մը, որ մեծ հաշուով տուրք պիտի տար այն անհատներուն ու պատասխանատուներուն, որոնք պաշտօնի կամ աթոռի վրայ ըլլալով, գոհ պիտի ըլլային վիճակներէն..։

 Հետեւաբար, որեւէ սրբագրութիւն, որեւէ դրական ճիգ, որեւէ նոր լիցքաւորում «անհանգստութիւն» կրնար պատճառել անոնց։ Ու ներքին սխալներուն, այդ սխալները սրբագրելու փոխարէն, զարմանալիօրէն օրակարգը ամբողջութեամբ կը տարուէր այլ ուղղութեամբ...։ Այդ բոլորն անշուշտ ենթադրել կու տան, բացատրել կու տան, յստակացնել կու տան մէկ հիմնական բան, որն է ստեղծել այնպիսի «իրարանցումային» իրականութիւն մը, որուն մէջ տեսանելի պիտի չըլլան «իւրային» սխալները։

 Եւ այդ բոլորին «օգնութեան» կը հասնէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ ոչ միայն կը ջլատէր հայագաղութի մտաւորական ներուժը, այլ իր հետ կը բերէր ու կ՚աճեցնէր «թաղային հեղինակութիւններ»ու տարբեր մակարդակի խմբակներ, իւրաքանչիւրը հիմնուած իր «թաղային» (աշխարագրական, թէ հոգեբանական) կանոններուն վրայ եւ այդպիսով ալ ըսելու համար, որ «մեզի համար հիմա կարեւորը համակարգը չէ, համակարգ մը կերտելը չէ, այլ միայն ու միայն իրավիճակի վերահսկումը, ու հայկական թաղերու պահպանութեան ապահովումը»։

 Այս բոլորը չպէտք է ընկալել, որպէս մեղադրանքներու շարք կամ հոլովոյթ, որովհետեւ «Ֆորս մաժորային» իրավիճակներուն մէջ էականը գաղութի ֆիզիքական ու անոր կողքին ալ հոգեբանական անվտանգութեան ապահովումն էր։ Եւ ուրեմն «յօդս» կը ցնդէր «արդար համակարգ» մը կերտելու գործընթացը եւ մարդիկ, անհատներ եւ միութիւններ պարզապէս կը բաւարարուէին «տան մէջ» եղող «իրեր»ու օգտագործումով ու պահպանումով...։

 Ահա այս իրավիճակներուն մէջ էր նաեւ, որ գաղութներու երիտասարդութիւնը դէմ հանդիման կու գար, բառիս բուն իմաստով ՝ «ամբողջական» եւ յաճախ ալ «սիսթէմաթիք» թուացող լքումով, որ ինքնին կ՚առաջացնէր գամահրանք եւ ատելութիւն՝ հիներուն նկատմամբ, որուն կը յաջորդէր հաւաքական օտարումն ու շարունակական հեռացումը կամ ... ձուլումը։ 

 Հօր կերպարի բացակայութիւնը, նեցուկ մարդու մը կարեկից ձեռքին չգոյութիւնը, անհոգ եւ մեծամիտ «թաղային հեղինակութիւններ»ու կեղծ շպարն ու հեղինակութիւնը իրավիճակը կը դարձնէին աւելի ծանր ու անմխիթար։

 Ու այդ փուլին մէջ էր անշուշտ, որ օրինակ պէյրութահայութեան պարագային ծնունդ աշխարհ կու գային նախ թատերական եւ ապա գրական որոշ շարժումներ, որոնք կը յայտնուէին առկայ բուռն պայքարի ամենածանր փուլերուն ու այդպիսով ալ ստիպուած կըլլային հերքել ամէն ինչ, կազմաքանդել ամէն ինչ, յոյս ունենալով, որ իրենց սերունդի միւս անդամները տեղ մը «օգնութեան» ջուան մը կը նետէին անոնց, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել ինչ որ բան, ու մէջքերը ուղղելով քալել դէպի առաջ...։

 Բայց ինչ քալելու մասին է խօսքը, երբ Պէյրութը ամէնօրեայ եւ «սիսթէմաթիք» կերպով կը կազմաքանդուէր կը կը յայտնուէր մեծ քաոսի շրջանակի մը մէջ։

 

 Հիմնարկէն՝ հաղորդագրութիւն 

Ստորեւ «Կիւլպէնկեան հիմնարկ»ին կողմէ օրերս հրապարակուած հաղորդագրութիւնն ամբողջութեամբ, ուր մանրամասնօրէն հանրութեան կը ներկայացուի «Հոսանքի մէջ» ծրագրին մասին ամբողջական լրատւութիւն մը։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը մեկնարկէ Լիբանանի հայ երիտասարդներուն ուղղուած​​նպաստի նոր ծրագիրը՝ ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ։

ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ նախաձեռնութիւնը կը միտի ստեղծագործական արտայայտութեան, ինքնաճանաչումի եւ համայնքային փոփոխութիւններու խթանումին. հրաւէր մըն է Լիբանանի հայ երիտասարդներուն՝ նոր հորիզոններ բանալու, նորարարական գաղափարներ ձեւաւորելու եւ երիտասարդութեան բազմաձայնութիւնը աշխարհին հետ բաժնելու։ ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ-ը կը ձգտի մասնակիցներուն հնարաւորութիւն տալ ստեղծելու անոնց կեանքն ու համայնքները հարստացնող իմաստալից նախագիծեր, ի վերջոյ նպաստելով նաեւ հայկական մշակոյթի ապագայ ձեւաւորումին։

Ծրագիրին նպատակն է աջակցիլ ստեղծագործական նախագիծերու, որոնք կ՚անդրադառնան լայն նիւթերու՝ ինքնութիւն, ընկերային մարտահրաւէրներ, լրատուական գրագիտութիւն, մարդու իրաւունքներ, թեքնաբանութիւն, լեզու եւ համայնքի կենսունակութիւն։ Ծրագիրը հիմնուած է հայ երիտասարդութեան մշակութային զարգացումին եւ հայերէնի նկատմամբ Բաժանմունքին ունեցած յանձնառութեան վրայ։

Հիմնարկութիւնը երկար ժամանակ համագործակցած է Լիբանանի հայ համայնքին հետ՝ բազմաթիւ ստեղծագործ եւ դրական ներգործութիւն ունեցող նախագծերու շուրջ։ Լիբանանի վերջին տարիներու իրադարձութիւնները դժուարացուցին նոր նախաձեռնութիւններու մեկնարկը՝ հակառակ շարունակական ջանքերու։ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ներկայիս առիթ մը կը տեսնէ թարմացնելու իր յանձնառութիւնը՝ աջակցելու երիտասարդներուն եւ անոնց տալու նոր ստեղծագործական հնարաւորութիւններ, անդրադառնալու համար կարեւոր հարցերու: ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ-ը 2023 սեպտեմբերին Պէյրութի մէջ կայացած հայ երիտասարդներու հետ խորհրդատուական հանդիպումին հետեւող քայլն է։

Այս յանձնառութիւնը կը բխի Հիմնարկութեան լայն առաքելութենէն՝ ամրապնդելու հայկական մշակոյթը, լեզուն եւ ինքնութիւնը Սփիւռքի մէջ: Լիբանանի մէջ այս նպատակները նոր կարեւորութիւն կը ստանան շարունակական մարտահրաւէրներու պայմաններուն տակ: 2025 թուականին հայ երիտասարդութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի յետպատերազմեան իրականութեան. նոր սկիզբ մը կերտելու մարտահրաւէրով եւ հարուստ ժառանգութեան մը ուժով, ծրագիրը կը նոր ճամբայ մը կը բանայ լուծելու ժամանակակից խնդիրներ փոփոխական աշխարհի մը մէջ:

Նախագիծերը կրնան անդրադառնալ տարբեր նիւթերու՝ սկսած յետպատերազմեան դիմադրողականութենէն մինչեւ հայկական Սփիւռքի ինքնութեան եւ մշակոյթին վերաբերող թեմաները, ընկերային եւ համայնքային խնդիրները, ինչպէս նաեւ նորարարութեան եւ թեքնաբանութեան ազդեցութիւնը եւ անոր գործածութիւնը:

 

Սագօ Արեան 
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...