image

Իրան-ԵԱՏՄ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի դեկտեմբեր 25-ին

Իրան-ԵԱՏՄ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի դեկտեմբեր 25-ին

Իրան-ԵԱՏՄ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի դեկտեմբեր 25-ին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, համաձայնագրի կողմ 6 երկիրներու պաշտօնեաներու ներկայութեամբ, ըսած է Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպանը:

ԻՌՆԱ-ի հետ զրոյցին Քազեմ Ճալալին նշած է. «Իրանի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի ստորագրմամբ իրանեան ապրանքներու շուրջ 96%-ի արտահանումը Ռուսիա, Պելառուսիա, Ղազախստան, Ղրղզստան եւ Հայաստան եւ հակառակը՝ այդ երկիրներէն Իրան, կը կատարուի առանց մաքսատուրքերու»:

Ան աւելցուցած է. «Սա շատ մեծ համաձայնագիր է, որու շուրջ բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ երեք տարի եւ որոնց աւարտին անդամ հինգ երկիրները պէտք է յայտարարէին իրենց համաձայնութեան մասին: Այդ տեղի ունեցաւ եւ համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի դեկտեմբեր 25-ին»: