«Ինճիրլիք» կամ թզենիի պարտէզներ: Այսօրուան Թուրքիոյ մէջ եղող այս տարածքը, որ Միջին Արեւելքի ՆԱԹՕ-ի կարեւորագոյն խարիսխներէն մին Կիլիկիոյ հայոց ու մասնաւորապէս Ատանայի մեծահարուստ մեր հայրենակիցներուն ամառնային հովոցն էր:Այս մասին կը վկայեն ամերիկահայ իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի՝ օրերս համացանցային կայքի մը ըսած խօսքերը: Եղիայեան, որ փայլուն աշխատանք տարած է «Ամերիքըն լայֆ»ի եւ այլ ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ բացուած եւ Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներու իրաւունքները պաշտպանելու գործին մէջ, այսօր թիրախ ընտրած է «Ինճիրլիք»ը: Այդ խարիսխը,որ կարեւորագոյն իմաստ ունի նաեւ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեանց ուղեծիրին վրայ, այսօր հիմնական օրակարգ է Ամերիկայի Գալիֆորնիա նահանգի դատական շրջանակներուն համար: Դատը հիմնականին մէջ բացուած է Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատան ու 1850 -ականներուն հիմնուած «Զիրաաթ Պանքասը» դրամատուներուն դէմ: Պահանջը այդ դրամատուներէն նիւթական հատուցումն է՝ տրուելիք այն անհատներուն, որոնց նախահայրերը «Ինճիրլիք»ի հարուստ հողատէրերէն էին մինչեւ 1915 թուականը, ու ապա Ցեղասպանութեան արհաւիրքի ժամանակ, անոնք աքսորուեցան ու քշուեցան դէպի Տէր-Զօրի անապատը: Մնացեալը գիտէք, բայց մեր բոլորին գիտնալիքը այսօր Վարդգէս Եղիայեան իրաւաբանին ու անոր գործակիցներուն առած խրոխտ քայլն է, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ամրագրել Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւական երեսին կարեւորութիւնը: Ազգովին դարձած ենք շատախօսներու եւ գլուխգովաններու խումբը մը, ու մեզի համար աւելի կենսական է, խօսիլ, ճառախօսել ու պատգամներ տալ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն ալ գլորեցինք, ու տակաւին խնդիրը դատա-իրաւական դաշտ տանելու համար լուրջ ճիգերու պակասէն կը տառապինք:
Եղիայեանի կամ այլանուն եղիայեաններու ըրած ճիգը յուսալի փաստ մը կը գրանցէ:
Այդ քայլը մեզի բոլորիս յոյս կու տայ, որ մեր խնդիրը միայն գեղեցիկ համագումարներու կազմակերպումով չէ, որ առաջ պիտի երթայ:
Այլ լուրջ, ազգովին մտածուած եւ համակարգուած քայլերով:
«Ինճիրլիք»ի պարագան այդ մասին կը յուշէ:
Բայց լսող կա՞յ:
«Ա»