Լուրեր կը շրջանառուին, որ Թուրքիան կրնայ պատասխան հարուած հասցնել Միացեալ Նահանգներուն` պահանջելով լքել Ինճիրլիք ռազմակայանը, վերջին շրջանին իր պաշտպանական արդիւնաբերութեան դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն համար, գրած է Ahval-ը:
Լրագրող Զուիֆիգար Տողանի խօսքով` այս տարբերակը որպէս պատասխան քայլ կ'առաջարկուի: Նախоրէին պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն յայտարարած էր, որ ԱՄՆ-ն պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ Turkish Defense Industries-ի (SSB) նախագահի եւ աշխատակիցներու դէմ` Անգարայի կողմէ ռուսական S-400 համակարգերու ձեռքբերման կապակցութեամբ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած էր որոշումը` յայտարարելով, որ մտադիր է պատասխան քայլեր ձեռնարկել իր հայեցողութեամբ:
Ինճիրլիք ռազմակայանը տասնամեակներ շարունակ համատեղ կը շահագործուի ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու կողմէ եւ կարեւոր յենակէտ է ԱՄՆ գործողութիւններու համար Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: