Իսրայէլեան «Հաարեց» թերթը մեկնաբանած է «Համաս» շարժման կողմէ Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի վերաբերեալ առաջարկուող համաձայնագրի ընդունումը եւ նշած, որ այսպիսով «Համասի ղեկավարութիւնը յաջողեցաւ սեպ խրել Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ»։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին
Իսրայէլեան Haaretz թերթի ռազմական վերլուծաբան Ամոս Հարել «Համաս»ի շարժման կողմէ Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի վերաբերեալ առաջարկուող համաձայնագրի ընդունումը մեկնաբանած է որպէս Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի ««Համաս»-ի դրական արձագանգի ծուղակը» իյնալ:
Զեկոյցին մէջ Հարել մասնաւորապէս ըսած է. «Իսրայէլ զարմացաւ, երբ «Համաս»-ը յայտարարեց գործարքի վերաբերեալ միջնորդներու առաջարկի ընդունման մասին», այն բանէն ետք, երբ «բանակցութիւնները կարծես թէ լիակատար փլուզման եզրին էին վերջին քանի մը օրերուն»:
Եւ այս մէկը տեղի ունեցաւ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու մեղադրանքներու լոյսին տակ, որ Նաթանիահուն «կը փորձէ սապոթաժի ենթարկել բանակցութիւնները՝ միաժամանակ մեղադրելով «Համաս»ը»», այնպէս որ այժմ ալ ան «կրկին իր բացասական պատասխան տալը պիտի հիմնաւորէ՝ ըսելով, որ Իսրայէլը պէտք է երաշխաւորէ «Համաս»-ի պարտութիւնը»։
Սակայն, գործնական առումով, Նաթանիահուի մերժման հիմնական պատճառը անոր վախն է՝ իր դաշինքի փլուզումէն եւ աջակողմեան ընտրազանգուածի կորուստէն:
Եւ հաւանաբար «Համաս»ի ղեկավարութիւնը այսպիսով՝ իր դրական պատասխանի միջոցով՝ «կրցաւ սեպ խրել Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ»:
Եթէ իսրայէլեան բանակի ուժերը դուրս գան Կազայի հատուածէն՝ գերիներու փոխանակման գործընթացի կէսին կամ նոյնիսկ ատոր աւարտին, ապա այդ մեծ ձեռքբերում պիտի ըլլայ «Համաս»ի համար։
Հարելը եզրափակած է ըսելով, որ ««Համաս»ը եւ ամբողջ Կազայի հատուածը ենթարկուեցան մեծ ճնշումներու, սակայն եթէ այս ձեւով պիտի աւարտի պատերազմը, ապա սա «Համաս»ի համար պարտութիւն պիտի չըլլայ», եւ պաղեստինցիները այս գործարքը պիտի դիտարկեն «որպէս յաղթանակ, եւ ոչ թէ՝ պարտութիւն»։
Իսկ Իսրայէլի կողմէ գործարքի ընդունումը պիտի չդիտուի որպէս Իսրայէլեան յաղթանակ կամ «Համաս»ին յանձնուիլ, այլ՝ Իսրայէլի կողմէ ուժի սահմաններու ճանաչում:
***
Այս բոլորը տեղի ունեցաւ այն բանէ ետք, երբ «Համաս» շարժումը յայտարարեց, որ հաւանութիւն կու տայ Եգիպտոսի եւ Քաթարի կողմէ հրադադարի վերաբերեալ միջնորդութեան առաջարկին, սակայն «պատերազմի կառավարութիւն»ը որոշեց շարունակել ռազմական գործողութիւնը Ռաֆահի մէջ՝ ««Համաս»ի վրայ ճնշում գործադրելու համար»:
Պաղեստինեան դիմադրութեան առաջնորդներէն մին բացատրեց, որ համաձայնութեան նոր բանաձեւը կը յանգեցնէ հրադադարի, քանի որ «կը յաղթահարէ այս երկսայրի դժուարութիւնը (տիլէմա)», ընդգծելով, որ «Համաս»-ը բարձր ճկունութիւն ցուցաբերեց համաձայնութեան հասնելու համար, եւ գնդակն այժմ Իսրայէլի դաշտին մէջ է:
Աւելի վաղ իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ «Ռաֆահի գործողութիւնը չունի ռազմավարական որեւէ առաւելութիւն եւ տեղի կ՚ունենայ Իսրայէլի կողմէ միջազգային վարկի կորուստի լոյսի ներքոյ, եւ ամենայն հաւանականութեամբ պիտի աւարտի Իսրայէլի յետքաշմամբ եւ բանալիները «Համաս»ին յանձնելով, ինչպէս եղաւ Խան Եունիսի՝ հարաւային Կազայի հատուածին մէջ»։