image

Ինչ տարիքի ալ որ ըլլայ հայրդ, երբ որ ան մեկնի այս աշխարհէն, ցաւը նոյնն է

Ինչ տարիքի ալ որ ըլլայ հայրդ, երբ որ ան մեկնի այս աշխարհէն, ցաւը նոյնն է

Իսկ մեռնողին զաւակը, որդին, ինչ տարիքի ալ որ ըլլայ, եօթը տարեկան թէ յիսուն-եօթը տարեկան, երբ որ հայրը մեկնի այս աշխարհէն, ան կը դառնայ որբ: Ինքզինք կը զգայ՝ եօթը տարեկան. եւ որբ:

 

Շնորհակալութիւն, բոլոր վշտակցական զգացումներուն համար: Ըլլան անոնք արտայայտուած, կամ ոչ: Ես գիտեմ թէ որքան սիրուած եւ յարգուած էր հայրս, որքան բազմաթիւ եւ բազմատեսակ անձերու կողմէ, աշխարհի ամէն կողմ:

 

Հօրս նկատմամբ լայնատարած եւ իւրայատուկ յարգանքի պատճառը իր տիտղոսները չէին, այլ՝գործն ու գործունէութիւնը. ու նաեւ այն անհերքելի իրողութիւնը, որ ինք իր այդ բոլոր, ազգային եւ պետական գործերը կատարած է արտակարգ, արտասովոր, կարելի է ասել անբնական՝ պարկեշտութեամբ:

 

Ինչ տարիքի ալ որ ըլլայ հայրդ, երբ որ ան մեկնի այս աշխարհէն, ցաւը նոյնն է. վստահ եմ որ այդպէս է, քանզի ցաւս ծանրագոյնն է որ կարող էի պատկերացնել, մինչ հայրս իննիսունը անձ մարդ էր. թող հազար տարեկան ըլլար, կ'ուզէի որ դեռ օր մըն ալ ապրէր, ժամ մըն ալ, վայրկեան մը եւս... Վնաս չունի, տառապելով թող ապրէր, դեռ աւելի ուշ երթար միանալու իր զաւակին, իր հօր, իր բիւրաւո՜ր սիրելիներուն, ընկերներուն, որոնք զինք անհամբեր կը սպասէին: Թող քի՛չ մըն ալ սպասէին, ինչ ա՞ եղել. Յաւերժութեան մէջ դժուար չէ համբերելը: Բայց պապաս դեռ թող ապրէր. աչքերը փակ, մարմինը  լրիւ քայքայուած, մահուան անկողինին մէջ թող  քիչ մըն ալ մնար, ու միմիայն շնչէր, մի քիչ եւս : Ոչ թէ իրեն համար, այլ ինծի համար:

 

Շատ բնական իրողութիւն է որ, բացի ննջեցեալին ամենամօտիկ, անմիջական ընտանիքի անդամներուն համար, մահուան մը առիթով գոյացած յուզումը, ցաւը, որքան որ ալ շատ ու մեծ ըլլան, վերջ կը գտնեն՝ թաղումին յաջորդ օրը: Այս է կեանքի կարգը, եւ այդպէս պէտք է որ ըլլայ, որպէսզի Կեանքը շարունակուի, Մարդկութիւնը կարենայ գոյատեւել, առաջանալ:

 

Սակայն մահացողին ամենաանմիջական հարազատներուն համար, վիշտն ու սուգը ոչ թէ կը վերջանան, այլ կը սկսին՝ թաղումին յաջորդ օրը: Եւ կը տեւեն մինչեւ իրենց կեանքերուն վերջը: Քանզի ժամանակը չի կրնար դարմանել մօտիկ սիրելիի կորուստին ցաւը, այլ... ընդհակառակը: Քանի որ այդ ցաւին էական բաղադրիչը՝ կարօտն է: Եւ երբ որ անկարելի է այս աշխարհին մէջ վերջ դնել այդ կարօտին, ըստ սահմանումի, ժամանակը կրնայ միայն զայն սաստկացնել: Պիտի յարմարիս պարզապէս ապրելու, այդ ցաւին հետ. շարունակել կեանքդ, այդ մշտական ցաւը՝ հոգիիդ մէջ:

 

Իսկ մեռնողին զաւակը, որդին, ինչ տարիքի ալ որ ըլլայ, եօթը տարեկան թէ յիսուն-եօթը տարեկան, երբ որ հայրը մեկնի այս աշխարհէն, ան կը դառնայ որբ: Ինքզինք կը զգայ՝ եօթը տարեկան. եւ որբ:

 

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան ծնած է Լիբանան: Անունը իրեն շ...