image

Իմարաթեան անձագիրը՝ «լաւագոյն անձագիր»

Իմարաթեան անձագիրը՝ «լաւագոյն  անձագիր»

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու անձնագիրը դարձած է աշխարհի մէջ առաջինը՝ դիւրաշարժութեան եւ ուղեւորութեան սահմանափակումներէ ազատութեան առումով:

Այս մասին ըսուած է Անձնագրերու ցուցանիշի մասին Մոնրէալի Arton Capital ֆինանսական խորհրդատուական ընկերութեան վերջին հրապարակման մէջ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները վերջին վարկանիշին համաձայն առաջ անցած է Գերմանիայէն, Զուիցերիայէն, Ֆինլանտայէն եւ Լիւքսըմպըրկէն, թէեւ այս բոլոր երկիրները լաւագոյն հնգեակին մէջ են:

Ըստ էութեան, եթէ դուք իմարաթեան անձնագիր ունիք, կրնաք առանց վիզայի ճամբորդել հսկայական թուով երկիրներ, իսկ շատ այլ երկիրներու մէջ վիզա ստանալ ժամանելուն պէս: Իմարաթեան անձնագիր ունեցողները կրնան առանց վիզայի մուտք գործել 121 երկիր եւ վիզա ստանալ եւս 59 երկիր ժամանելուն պէս։ Անոնց վիզա անհրաժեշտ է միայն 19 երկիրներու համար, որ կը նշանակէ, որ անոնք կրնան այցելել աշխարհի երկիրներու 91 տոկոսը՝ նախապէս վիզայի համար չդիմելով:

ԱՄՆ անձնագրի «համաշխարհային ընդգրկումը» հաշուարկուած է աշխարհի երկիրներու 83 տոկոսի համար՝ ԱՄԷ-ի 91 տոկոսի համեմատ։

ԱՄԷ-ն ստացած է 180 միաւոր դիւրաշարժութեան, այլ երկիրներ ժամանելուն պէս արտօնութիւններու համար: