image
Հրատապ լուրեր:

Իմամօղլուն կրնայ բանտարկուիլ

Իմամօղլուն կրնայ  բանտարկուիլ

Իսթանպուլի քաղաքապետ, թուրք ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ եւ Թուրքիոյ մէջ քեմալական, գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) անդամ Էքրեմ Իմամօղլուի դէմ դատական հայց ներկայացուած է: Այս մասին գրած է Ermeni Haber-ը։

Իմամօղլուն կը մեղադրուի Իսթանպուլի շրջաններէն մէկու՝ Թուզլայի շրջանի ղեկավար Շատի Եազըճըյին վիրաւորանք հասցնելու մէջ:

Իմամօղլուի դէմ ներկայացուած դատական հայցը կազմուած է հանրային պաշտօնեային հարապարակային վիրաւորանք հասցնելու մեղադրանքի հիմունքներով:

Մեղաւոր ճանչցուելու պարագային Իմամօղլուն կրնայ դատապարտուիլ 2-4 տարուան ազատազրկման: 

Նշենք, որ Իմամօղլուն մեղադրեալ կը համարուի եւս մի քանի դատական գործով։