Պոլսոյ քաղաքապետ, ընդդիմադիր՝ «Ժողովրդական հանրապետական» կուսակցութեան անդամ, Էքրեմ Իմամօղլուն հոգեբուժներուն կոչ ըրած է զբաղելու ներքին գործոց նախարարի հոգեկան առողջութեան հետազօտմամբ։
Թրքական Cumhuriyet–ի հաղորդմամբ՝ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է, որ անկախ հոգեբուժներու խումբ մը գայ եւ հոգեկան լուրջ խնդիրներ ունեցող նախարարը հետազօտէ։ «Քանի որ, եթէ Թուրքիոյ կարեւոր նախարարութեան ղեկին գտնուող անձը այս հոգեկան վիճակի մէջ է, ուրեմն Ներքին գործոց նախարարութիւնը վտանգի տակ է», ըսած է Իմամօղլուն։
Կը նշուի, որ Ներքին գործոց նախարար՝ Սուլէյման Սոյլուն Պոլսոյ քաղաքապետը մեղադրած էր ահաբեկչական կառոյցներուն աջակցելու մէջ մեղադրուող ազգութեամբ քուրտերը աշխատանքի ընդունելու մէջ։