Ինչ մեղքս պահեմ, կը սիրեմ ականջ տալ երբ երկու կիներ հետաքրքրութեամբ բամբասելու «առաքելութեան» վրայ կը գտնուին, որովհետեւ անոնց բամբասանքը կ՚ընդգրկէ գրեթէ ամէ՛ն ոլորտ: Մի քանի շաբաթ առաջ բամբասանքի ոլորտներէն մին հոգեբանութիւնն էր. երկու կիներ խօսելով կեանքի մէջ որոշ դժուարութիւններ դիմագրաւող կնոջ մը մասին կ՚եզրակացնէին. «խե՛նթ է... չե՞ս գիտեր, ամէ՛ն շաբաթ հոգեբանի քով կ՚երթայ... նորմալ չէ...»:
Բոլորիս ալ ծանօթ է մեր հայ ժողովուրդին, մանաւա՛նդ իգական սեռի պատկանողներուն բամբասանքին հանդէպ ունեցած տկարութիւնն ու անսահման սէրը, որ ձեւով մը մեր ժողովուրդին կեանքը «կը քաղցրացնէ» եւ քիչ մըն ալ կ՚իմաստաւորէ, որովհետեւ որպէս եզրակացութիւն այդ բամբասուողը մի՛շտ մեղաւոր, իսկ իրենք անմեղ դուրս կու գան:
Ինչ մեղքս պահեմ, կը սիրեմ ականջ տալ երբ երկու կիներ հետաքրքրութեամբ բամբասելու «առաքելութեան» վրայ կը գտնուին, որովհետեւ անոնց բամբասանքը կ՚ընդգրկէ գրեթէ ամէ՛ն ոլորտ: Մի քանի շաբաթ առաջ բամբասանքի ոլորտներէն մին հոգեբանութիւնն էր. երկու կիներ խօսելով կեանքի մէջ որոշ դժուարութիւններ դիմագրաւող կնոջ մը մասին կ՚եզրակացնէին. «խե՛նթ է... չե՞ս գիտեր, ամէ՛ն շաբաթ հոգեբանի քով կ՚երթայ... նորմալ չէ...»:
Ահաւասիկ հոգեբանութեան ամբողջ ամփոփումը չորս տառի մէջ՝ խենթ. սփիւռքի մէջ ապրողներուն մեծամասնութիւնը նոյն կարծիքն ու ըմբռնումը ունին հոգեբանութեան մասին: Անոնց համար գոյութիւն ունի երկու տեսակ հիւանդութիւն.- մարմնական եւ հոգեկան եւ այդ հոգեկանին մաս կը կազմէ նաեւ մտայինը եւս, որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունի հոգեբանին ու հոգեբոյժին խենթի բժիշկ ըլլալու թիւր ըմբռնումը, որուն պատճառով շատեր որոնք կարիքը ունին հոգեբանի ու հոգեբոյժի հեռու կը մնան՝ պարզապէս խենթի պիտակ մը չստանալու համար:
Հակառակ այդ խենթի տպաւորութիւններուն, մեր դպրոցները հետեւելով եւրոպական դպրոցներու օրինակին, այսօր իրենց յարկերուն տակ ունին հոգեբաններ՝ որոնց պաշտօնն է հետեւիլ աշակերտներու ընթացքին: Ժամանակը կամաց կամաց մարդուն մէջ կը յաջողի փոխել որոշ ըմբռնումներ ու հասկացողութիւններ. օրինակի համար, առաջ դասը չսորվող աշակերտ մը թէ՛ ուսուցիչին եւ թէ՛ իր դասընկերուն կողմէ կը դիտուէր որպէս «ծոյլ» անհատ. կ՚արժանանար բարկութեան ու կրնար մինչեւ իսկ ծաղրանքի առարկայ դառնալ, սակայն ժամանակը եկաւ փոխելու այն համոզումը, որ դասերը լաւապէս չսերտող մանուկը պայման չէ ծոյլ ըլլայ. շատ անգամ տան կամ դպրոցին մէջ ունեցած խնդիր մը կրնայ պատճառ դառնալ որպէսզի աշակերտը չուզէ սերտել ու հետեւիլ դասերուն եւ ճի՛շտ այդ նիւթն է, որ կը հետապնդէ հոգեբանութիւնը, որովհետեւ հոգեբանութեան սկզբունքին մէջ կայ ա՛յն, որ ամէն երեւոյթ ու արարք ունի իր պատճառը:
Մեր շատ մը անուս ծնողներ հոգեբանութենէն տեղեակ չըլլալով իրենց տան մէջ պատահած բոլոր հարցերը, դժուարութիւններն ու կռիւները կ՚ընեն հրապարակաւ՝ իրենց զաւակներու ներկայութեամբ, սովորականի վերածելով այդ բոլորը:
Թուրքիոյ տարածքին երկար տարիներ ցուցադրուած տեսերիզ մը երգիծական ոճով ծնողներուն կը սորվեցնէր կռիւի ժամանակ հեռանալ մանուկներէն. զոյգերը ամէ՛ն անգամ որ պիտի վիճէին, կը մեկնէին խոհանոց. թէեւ զոյգերը իրար պիտի չծեծէին, սակայն կ՚ուզէին հասկցնել ակնդիր ընտանիքներուն, որ մանուկներուն դիմաց վիճիլն ու ամէն բան խօսիլը առողջ երեւոյթ մը չէ եւ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կրնայ ազդել մանուկին վարք ու բարքին:
Հաւանաբար ըլլան ոմանք որոնք առարկեն, ըսելով թէ իրենց ծնողները իրենց ներկայութեան ամէ՛ն բան բացէ ի բաց արտայայտուած ու խօսած են, սակայն իրենք հոգեկան խնդիրներու առաջ չեն գտնուած. պէտք է գիտնալ, որ մարդիկ այնպէս ինչպէս արտաքնապէս կը տարբերին, կը տարբերէին նաեւ հոգեպէս ու բնութեամբ ու այն բանը որ մեզ վնաս չի պատճառեր, չի՛ նշանակեր թէ վնաս պիտի չպատճառէ ուրիշին. այդ մէկը աւելի տկար կամ զօրաւոր ըլլալու հետ աղերս չունի, այլ պարզապէս մէկ մասն է մարդու բնութեան. օրինակ՝ կայ մարդ, որ արիւն չի կրնար տեսնել, հակառակ պարագային կրնայ ուշաթափուիլ, մինչ ուրիշ մը բժիշկ դառնալով ամբողջ կեանք մը արիւններու մէջ կ՚անցընէ։ Այս մէկը կրթութեան հետ եւս աղերս չունի, այլ կապուած է մարդու հոգեբանութեան եւ այս է պատճառը, որ աշխարհը հոգեբանութիւնը ո՛չ թէ խենթերու գիտութեան, այլ որպէս մարդու գիտութիւն կ՚ընդունի, որուն գործն է ուսումնասիրել մարդը՝ իր բոլոր ապրումներով ու արարքներով:
Յաճախ քննարկման առարկայ եղած է, թէ հոգեբանը բժի՞շկ է թէ ոչ... թէեւ հոգեբանը հիւանդանոցի մէջ չի գործեր, սակայն իրականութեան մէջ բժիշկ ըլլալէ ալ չի դադրիր. տարբերութիւնը հիւանդանոցի բժիշկին եւ հոգեբանին այն է, որ առաջինը առաւելաբար մարմնական վնասուածքներով կը զբաղուի, իսկ երկրորդինը հոգեկան է: Քննարկման նիւթ է անշուշտ այն, որ ամէն հոգեբանութեան կրթութիւն ստացող կրնա՞յ հոգեբան ըլլալ. մեր կարծիքով ո՛չ, որովհետեւ դասերու եւ համալսարանական ուսումնասիրութիւններու կողքին մտային որոշ կարողութիւն մը կը պահանջէ հոգեբանութիւնը, լաւապէս կարենալ ուսումնասիրելու համար դիմացինին շարժուձեւերն ու արարքները. շատեր կրնան հոգեբանութիւն ուսանելով յանդերձ լաւ հոգեբաններ չըլլալ, սակայն ուրիշներ ալ առանց հոգեբանութեան ուսում ունենալու լաւապէս կարենան ուսումնասիրել ու ըմբռնել մարդկային ապրումները:
Գրելը եւս իր մէջ ունի հոգեբանական բաժին մը. այսօր գրող մը կրնայ Սարգիսը ներկայացնել որպէս կարճահասակ անձնաւորութիւն մը, մինչ ուրիշ մը կրնայ թափանցել անոր հոգեկան աշխարհը, գրել անոր ըմբռնումներուն ու զգացումներուն մասին եւ ընթերցողին լաւագոյնս ներկայացնել անձին տիպարը, ինչ որ լաւապէս կը տեսնենք մեր հայ գրողներուն մօտ՝ մանաւանդ Ահարոնեանին, Րաֆֆիին եւ այլոց մօտ:
Օշական մեր գրողներէն շատեր հոգեբան գրող կը կոչէ, որովհետեւ ամէնուն տրուած չէ յաջողութեամբ դիմացինին հոգեկան աշխարհին մէջ թափանցելը:
Հոգեբաններուն գործը եւս այս հոգեկան աշխարհին մէջ թափանցել է, կարենալ գտնելու համար բոլոր այն պատճառները՝ որոնք դժուարութիւններ կը յառաջացնեն մարդուն կեանքին մէջ:
Եթէ հոգեբանութիւնը պիտի շարունակուի որպէս խենթութիւն ըմբռնուիլ մեր ժողովուրդին կողմէ, ըսե՛նք, որ իւրաքանչիւրս մեր մէջ ունինք խենթութիւն մը՝ որ կարիքը ունի բուժումի. այդ խենթութիւնը մեր յոյզերն են, կարօտները, վախերն ու վերապահութիւնները, առանց որոնց կը դառնանք մեքենայ:
Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս