image

«Իմ հայրիկ» ...Վե՜հ բառ...

«Իմ հայրիկ» ...Վե՜հ բառ...

Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն   կնքեց   Հալէպահայ շրջանակներուն   ծանօթ  անուն   համարուող, նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական  Գօգօ  Ազարիկեանը։

 Այս   տխուր առթիւ եւ  յարգելու համար   հանգուցեալին յիշատակը  «Արեւելք»  իր ընթերցողներուն  կը ներկայացնէ  հանգուցեալի  դստեր՝ Բալիկ Ազարիկեան Կոստիկեան  մահագրութիւնը։

 

 

 Բալիկ  Ազարիկեան-Կոստիկեան կը գրէ՝

Հրաշալի զգացում է երբ բախտը կ'ունենաս ծնելու ընտանիքի մը մէջ, ուր հօրմէդ կը սորվիս կեանքի ամէնէն կարեւոր դասերը՝ «ազգասիրութիւն, աշխատասիրութիւն, ճշդապահութիւն, հաւատարմութիւն, բնութեան հանդէպ սէր, եւ այլն», զորս բոլորը մանկութենէս ի վեր նկատած էի իմ հոգեհարազատ հօրս ազնիւ ու խոնարհ սրտին մէջ:

Հայրս փոքր տարիքին յաճախած էր Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարան, ետքը Ամերիկեան Քոլէժ. անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շարքերուն, ինչպէս նաեւ եղած է Հ.Յ.Դ.-ի խիզախ համակիր:

Հայրս իր մանկութեան բանակումի յուշերէն յաճախ կը պատմէր:  Ան փոքր եղած ատեն մասնակցած է Լիբանանի «Տհուր ալ շուէր»ի լեռներուն մէջ բանակումին, ան միշտ  խումբին առջեւէն սիրած է քալել եւ որովհետեւ շատ արագ եղած է զինգ կոչած են «վազրիկ», նաեւ կը յիշէր ինչպէս Հալէպի մէջ կազմակերպուած «Նաւասաարդեան» խաղերու եւ «Տողանցքի» մասնակցելու համար բոլոր շրջաններէն մարզիկներ կու գային, եւ ան անհամբեր Թիլելի ակումբին դրան առջեւ կը սպասէր ընկերները տուն տանելու: Յուշերը շատ են, ան ծիծաղելով կը պատմէր, թէ ինչպէս ընկերներով, այդ տարիներուն Հալէպի «Քուէք գետ»ը երթալով կը լողային, եւ օր մը վերադարձին ինքզինքնին չորցնելու համար, «Երեքանթել»-ի արձանին ետեւ յոյներու եկեղեցւոյ երկաթէ դուռերուն վրայ ջանացած են չորցուիլ, սակայն երբ տուն գացած է, մեծ մայրս հոտէն անմիջապէս գուշակած է թէ ուրկէ եկած է եւ իսկոյն պատժած է զինք դուրս ձգելով մինչեւ մեծ հօրս տուն վերադառնալու ժամը:

Մեծ հայրս Խաչատուրը՝ խարբերդէն վերապրող մը, փոքր տարիքին Հալէպ հասած է գաղթական, սորված է ինքնաշարժի նորոգութիւն, հայրս ալ մանկութենէն մեծ սէր ունեցած է սոյն արհեստին նկատմամբ, ինքնաշխատութեամբ անգլերէն լեզուին լաւ տիրապետելով եւ հօրմէ սորված գիտելիքներուն կողքին, նամակագրութեամբ հետեւած է դասընթացքներու՝ Միացեալ Նահանգներ եւ ստացած լիարժէք վկայագիր (National Technical schools) Los Angeles California-էն 1964-ին «Auto Mechanics and Diesal»-ի, եւ ան մեծ հպարտութեամբ զանիկա երբեմն ցոյց կու տար օտար ազգերէ զինք յարգող յաճախորդներուն: Նաեւ անդամակցած էր «National Geographic» պարբերաթերթին, ինչպէս նաեւ անպակաս էր մեր տան մէջ «Դրօշակն» ու «Ազդակ» թերթերը:

Կամքէ առկախ պայմաններով պարտադրաբար թողեց ետին, 38 տարուայ իր տունն ու աշխատավայրը, նաեւ գիւղի իր կեանքը, ուր քաղաքի ժխորէն հեռանալով այնտեղ կ'երթայինք: Մեր մանկութեան ամէնէն հաճելի տարիները անցուցած ենք մեր Հալէպի պարտէզին մէջ, ուր առաւօտ ժամը 5-էն հայրս աշխատանքի կը լծուէր, որդատունկի, ընկոյզի եւ ձիթապտուղի դաշտերուն մէջ: Այս բոլորին կողքին ան զանազան տեսակի կենդանիներ ալ պահելու հաճոյքը ունէր. կը յիշեմ՝ ուղտ (նոյնիսկ 2 հատ) բերած էր, սիրամարգ 15 հատ, կաքաւ , ֆէզան եւ այլն: Հայրս, եղբայրներուս հետ միասին, ծիծեռնակի օրինակին հետեւելով հայրենիքին մէջ կառուցեց պարտէզով տուն եւ յետագային՝ իրենց արհեստանոցը, ուր նոյն աշխատասէր ոգիով կ'աշխատին: Հայրենիքի հօրս երազը իրականացած էր:

Ան մաքուր հայրենասէր անձ էր, նոյնիսկ իր զաւակներուն անունները կոչած էր Նժդեհ ու Դրօ, միշտ հպարտ էր հայրենիքով, սակայն վերջին իրադարձութիւնները շատ ազդեցին իր վրայ ներքուստ: Ծանր տարաւ նամանաւանդ քրոջը՝ օր. Էմմա Ազարիկեանի մահը, որ Հալէպի մէջ տարիներով ծառայած էր Ազգ. Հայկազեան վարժարանէն ներս, որպէս հայերէն լեզուի ուսուցչուհի:

Յուշերը շատ են աննման հօրս եւ հօրաքրոջս, որոնք մեր ընտանիքին փայլուն փարոսներն էին, որոնք կը լուսաւորէին մեր ճամբան: Իրենց աշխատասէր օրինակին հետեւելով զաւակներն ու թոռները պիտի գոյատեւեն հայասէր տիպար հօրս ուղիով:

Հօրս բնակած գիւղի բոլոր գիւղացիները կը յարգէին զինք եւ կը դիմէին «Ապու Խաչօ» անունով, անոնց բոլոր առիթներուն, հայրս միշտ հիւրասիրութիւն կը բաժնէր ամբողջ գիւղի ընտանիքներուն, որոնք մինչեւ օրս մօրս հետ կը կապուին հեռաձայնով եւ իրենց երախտապարտ ու շնորհակալական խօսքերը կը փոխանցեն: Հայրս անոնց զաւակները հետը քաղաք տանելով արհեստ սորվեցուցած էր անոնց,  ինչպէս նաեւ մայրս իր կարգին կիներուն խմորեղէն պատրաստել:

Մեր հարազատները բոլորը կը յարգէին հօրս, եւ «կնքահայր» ըսելով կը դիմէին իրեն, քանի որ ան շատ անգամ խաչի կնքահայր եղած է, մայրս ալ կնքամայր հարսանեկան եւ մկրտութեան զոյգ առիթներու: Սիրուած ու յարգուած անձնաւորութեան տէր անձ էր հայրս խոնարհ:

Խունկ եւ մոմ քու անմառ յիշատակիդ յարգելի  հայրիկ:

Քեզ շատ սիրող  դուստրդ՝

Բալիկ Ազարիկեան Կոստիկեան

Ա.Մ.Ն Հիւսթըն Թէքսաս

21-6-2021