Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի վարչակազմը մերժած է երկրի մէջ արտահերթ նախագահական ընտրութիւններ կայացնելու կոչերն այն բանէ ետք, երբ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն առաջին անգամ առաջ անցած է իշխող կուսակցութենէն։
Թուրքիոյ ղեկավարի խորհրդական Մեհմեթ Ուչումն ապրիլ 1-ին ընդգծած է, որ ներկայիս ղեկավարի պաշտօնավարման ժամկէտը մինչեւ 2028 թուականն է։
Ուչումը նախազգուշացուցած է, որ անոնք, որոնք կ՚ակնկալեն արտահերթ համընդհանուր նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ՝ հիմնուած ՏԻՄ ընտրութիւններուն քուէարկութեան արդիւնքներու վրայ, «ի զուր չփորձեն»։
«Թուրքիան չորս տարի շարունակ առանց ընտրութիւններու մինչեւ 2028 թուականը բարեփոխումներու քաղաքականութիւն պիտի վարէ բոլոր ոլորտներու մէջ։ Նախագահ Էրտողանն իր ղեկավարութեամբ Թուրքիան պիտի տանի դէպի նոր փուլ՝ դէպի անկախ ու ուժեղ երկիր։ Ոչ ոք պէտք է կասկածի»,- գրած է խորհրդականը X-ի էջին։
«Նախագահական համակարգը երբեք թոյլ չի տար ՏԻՄ ընտրութիւններու արդիւնքներով ընտրական պահանջներ ներկայացնել կառավարութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային ժողովին։ Նոյնիսկ խորհրդարանական համակարգին մէջ ՏԻՄ ընտրութիւններու ազդեցութեան հարցը համընդհանուր ընտրութիւններու վրայ կ՚որոշուի ծայրայեղ արտակարգ իրավիճակներու մէջ։ Կարծել, որ նախագահական համակարգին մէջ նման ազդեցութիւն կ՚ըլլայ, ոչ այլ ինչ է, քան զուր երեւակայութիւն։ Թերեւս կան մարդիկ, որոնք կը քնանան եւ նման երազներ կը տեսնեն, բայց համակարգը կը մերժէ նման պատրանքները»,-աւելցուցած է Ուչումը։