image

Ի՞նչ պիտի քննարկեն ՀԱՊԿ ղեկավարները

Ի՞նչ պիտի քննարկեն ՀԱՊԿ ղեկավարները

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները Մոսկուայի մէջ սպասուող յոբելենական գագաթնաժողովի ընթացքին պիտի քննարկեն ռազմական համագործակցութիւնը խորացնելու եւ կ անվտանգութեան հետ կապուած հարցեր: Այս մասին յայտնի դարձած է Քրեմլի նիւթերէն:

«Կը ծրագրուի ռազմական համագործակցութիւնը խորացնելու, աւանդական եւ նոր մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն (այդ շարքին` Աֆղանիստանի տարածքէն) արդիւնաւէտ դիմակայելու հետ կապուած հարցերու քննարկում: Առաձին ուշադրութիւն պիտի դարձուի կենսաբանական անվտանգութեան հետ կապուած հարցերուն», ըսուած է Քրեմլի նիւթերուն մէջ:

Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտուն ՀԱՊԿ  առաջնորդներու  վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով  Մոսկուա  մեկնած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: