Ուքրանիոյ` ռուսական զօրքերու կողմէ շրջափակուած Մարիուփոլ քաղաքի «Ազովսթալ» գործարանի հսկայական տարածքը դարձած է «Ազով» գումարտակի ազգայնականներու եւ Մարիուփոլի մէջ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու զինեալներու պաշտպանութեան վերջին յենակէտը: Գործարանի պաշարումը կը շարունակուի Մարտ 18-էն, եւ ոեւէ ռազմական փորձագէտ չի կրնար ճշգրիտ կանխատեսումներ տալ անոր աւարտին վերաբերեալ:
URA.RU-ն հաւաքած է մանրակրկիտ տեղեկութիւն այն մասին, թէ ինչու «Ազովսթալ»-ը դարձած է «անառիկ ամրոց», եւ ինչ կրնայ թաքնուած ըլլալ մի քանի քիլոմեթրնոց արդիւնաբերական գօտիի խորքերուն մէջ:
«Ազովսթալ»-ի ընդհանուր տարածքը 11 քառակուսի քիլոմեթր է: Մարիուփոլի մէջ ձեռնարկութիւնը ստացած է «քաղաք քաղաքի մէջ» անուանումը: Այստեղ կառուցուած է 41 արտադրամաս եւ 80 հսկայական սենեակ:
Մետաղագործական հսկան կը գործէ 1933 թուականէն: Հայրենական մեծ պատերազմին ժամանակ ձեռնարկութիւնը գործնականին մէջ ոչնչացուած է գերմանական զօրքերուն կողմէ, սակայն 1945 թուականին այն վերականգնուած է եւ շարունակած է աշխատիլ մինչեւ այս տարուայ Փետրուարին ռուսական յատուկ գործողութեան սկիզբը:
«Ազովսթալ»-ը հինգ մակարդակի իսկական քաղաք է: Տարբեր աղբիւրներու համաձայն` փապուղիներու երկարութիւնը կը գնահատուի 24 քիլոմեթր: Ստորգետնեայ ամրացուած տարածքին հիմքը 36 ռմբապաստարաններն են, որոնք, ըստ խորհրդային շինարարական ոլորտի չափանիշներուն, կրնային դիմակայել միջուկային զէնքի անմիջական հարուածին: Ստորգետնեայ ապաստարաններուն միջեւ կան փապուղիներ` սարքաւորուած 30 մեթր խորութեան վրայ: Այդտեղ կրնայ տեղաւորուիլ 12 հազար մարդ: Այս մասին BBC-ի լրագրողի հետ զրոյցին ըսած է գործարանի գլխաւոր տնօրէն Էնէէր Ցկիթիշէիլին: Անոր խօսքով, գործարանի արտադրամասերուն տակ կան խճճուած հատուածնէր, որոնց մէջ կրնան մոլորուիլ նոյնիսկ գործարանի աշխատողները, որոնք աւելի քան մէկ տասնեակ տարիէ աշխատած են ձեռնարկութեան մէջ:
Արտադրամասին տակ մեծ փապուղի կայ, եւ արտադրամասի ծանր տեխնիկան յուսալի ապաստան է գործարանի վրայ յարձակման պարագային: Ըստ տեղի բնակիչներուն` Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յատուկ գործողութեան սկիզբը «Ազովսթալ»-ի արտադրամասերուն տակ կը թաքնուէր մինչեւ 1000 խաղաղ բնակիչ:
Երեք կողմէ ջուրով շրջապատուած գործարանին ամրապնդումը «Ազով»-ի հրամանատարութիւնը սկսա է 2022 թուականի Փետրուարի սկիզբը: Նախապէս ձեռնարկութեան տարածք բերուած է ծանր սարքեր եւ զինամթերք: Հաւաքուած է սնունդ, եւ բոլոր աշխատակիցներուն, որոնք կամք յայտնած են պաշտպանելու գործարանը, զէնք տրուած է: